CONIFA-ի (անկախ ֆուտբոլային ընկերակցութիւններու համադաշնութիւն)  պաշտօնական էջը յայտարարեր է, որ «Եւրոպական ֆուտբոլի գաւաթ 2019» մրցաշարը կը կայանայ  Յունիսի 1-էն 9-ը: Հանդիպումներու ժամանակացոյցի, ԶԼՄ-ներու հաւատարմագրման եւ տոմսերու մասին մանրամասն տեղեկութիւնները  շուտով կը հրապարակուին: Հետեւեցէք մեր էջին մրցաշարի յառաջիկայ մանրամասներուն ծանօթանալու համար:

Յիշեցնենք, որ 1917թ.-ի Դեկտեմբեր 29-ին Խորհրդային Ռուսաստանի Ժողկոմխորհին կողմէ ընդունուած «Թիւրքահայաստանի մասին» (Արեւմտեան Հայաստան) Դեկրետով ճանչցուեր է Թիւրքահայաստանի (Արեւմտեան Հայաստան) հայութեան ազատ ինքնորոշման իրաւունքը՝ ընդհուպ մինչեւ լիակատար անկախութիւն:

1920թ.-ի Յունուար 19-ին` Փարիզի Վեհաժողովին ժամանակ, Դաշնակից Տէրութիւններու Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ դէ ֆակտօ (de facto), իսկ 1920թ.-ի Մայիս 11-ին՝ Սան Ռեմոյի Վեհաժողովի ժամանակ դէ յուրէ (de jure) ճանչցուեցաւ  որպէս անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն: 1920թ.-ի Նոյեմբեր 22-ին ԱՄՆ-ի նախագահ Վուդրօ Ուիլսոնի Իրաւարար վճիռով որոշուեցաւ հայ-թրքական սահմանը:

Հարկ է նշել, որ Արեւմտեան Հայաստան Պետութիւնը ՄԱԿ-ի կողմէ չէ ճանաչցուած’ Թիւրքիոյ կողմէ  բռնագրաւուած ըլլալուն պատճառով:

Թիւրքիան ճանչցեր է Արեւմտեան Հայաստանը’ ապա բռնագրաւեր է զայն:

Յիշեցնենք, որ 1894-1923թթ.-ուն Արեւմտեան Հայաստանի գրաւուած տարածքներուն վրայ,  թրքական երեք կառավարութիւններուն կողմէ բնիկ հայ ժողովուրդը ենթարկուեր է Ցեղասպանութան:

Կարին (Էրզրում) քաղաքը Արեւմտեան Հայաստանի պաշտօնական մայրաքաղաքն է, որ ճանչցուեր է Դաշնակից Պետութիւններուն կողմէ 1920-ին: