Փետրուարի 27-ին Սումգայիթի ջարդերու 31-րդ տարելիցն է։

1988 թուականի Փետրուար 27-էն Բաքույէն ոչ հեռու գտնուող  Սումգայիթ քաղաքին մէջ Ատրպէյջանական իշխանութիւններն սկսեցան հայ բնակչութեան բնաջնջումը, որ կ’ուղեկցուէր հայերու ունեցուածքի թալանով եւ ոչնչացմամբ: ԽՍՀՄ ղեկավարութեան լռութեան պայմաններուն տակ, երեք օրուայ կոտորածներուն ընթացքին վիրաւորուեցան եւ սպաննուեցան բազմաթիւ մարդիկ, ընդ որում՝ սպաննուածներուն մէկ մասը տանջամահ եղած էին, իսկ դիակներն այրուեր էին:

Հայ ազգին դէմ իրականացուած այս յանցագործութեան նպատակն էր կանխել Արցախեան շարժումը, հայերը ահաբեկելով նոր արիւնահեղ գործողութիւններու հեռանկարով՝ կանխելու համար Արցախեան ազատագրական պայքարի տարածումը։

Սումգայիթի մէջ հայերու կոտորածը կազմակերպուած էր ամենայն մանրամասնութեամբ:

Երեք օր շարունակուող սպանդի արդիւնքները զարհուրելի էին: Միայն պաշտօնական տուեալներով, Սումգայիթի 32 հայ բնակիչ սպաննուեր է կտտանքներէ եւ ծանակումէ ետք, իսկ ոչ պաշտօնական տուեալներով՝ զոհերուն թիւը կ’անցնի հազարէն:

Ատրպէյջանի իշխանութիւնները երբէք չեն դատապարտած Սումգայիթի ջարդերը, կամ ափսոսանք չեն յայտնած էթնիկական զտումներուն համար: Հակառակը` Ատրպէյջանն ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս զոհ` Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի գոյամարտը ներկայացնելով որպէս «ոտնձգութիւն», կոպտօրէն աղաւաղելով փաստերը, իսկ հայերուն հանդէպ ցեղասպանութիւն իրականացուցած ոճրագործները մինչ օրս կը մնան անպատիժ: