ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այուազեանն ընդուներ է Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան գլխաւոր շտաբի միջազգային յարաբերություններու կառավարման տնօրէն, դեր ծովակալ Միխայիլ Նաումի գլխաւորած պատուիրակութեան:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն՝
հանդիպման ընթացքին ամփոփուեր են 2018թ.-ի երկկողմ համագործակցութեան ոլորտէն ներս կատարուած աշխատանքները: Նշուեր է, որ նախորդ տարուայ նախատեսուած միջոցառումներուն 83 տոկոսը իրականացուեր է:
Հանդիպման ընթացքին համաձայնեցուեր եւ ստորագրուեր է հայ-յունական ռազմական համագործակցութեան 2019թ.-ի ծրագիրը: Ան կը ներառնէ 20 միջոցառում Հայաստանի եւ Յունաստանի մէջ: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեր է նաեւ բազմակողմ ձեւաչափերով համագործակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ:
Քննարկուեր են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեանն առնչուող հարցեր: