Ռուսաստանը եւ Սուրիան կոչ կ’ընեն Միացեալ Նահանգներուն՝ Սուրիոյ տարածքէն դուրս բերելու անօրինականօրէն հոն գտնուող իրենց զինուած կազմաւորումները: Ասոր մասին, ինչպէս կը տեղեկացնԷ «Արմենպրես»-ը, ըսուած Է երկու երկիրներու միջգերատեսչական համակարգող շտաբներու համատեղ յայտարարութեան մէջ, որ տարածուեր Է Փետրուարի 27-ին:

«Նաեւ կոչ կ’ընենո ԱՄՆ-ին, որու ռազմական ստորաբաժանումներն անօրինականօրէն կը գտնուին Սուրիոյ տարածքին, հեռանալու երկրի սահմաններէն»,- կը նշուի յայտարարութեան մէջ՝ փախստականներու «Էր-Ռուկբան» ճամբարի իրադրութեան կապակցութեամբ, որ կը գտնուի  ԱՄՆ-ի կողմէ վերահսկուող Էտ-Տանֆ գօտիին մէջ: Բացի այդ, յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Էտ-Տանֆի գօտիին գտնուող ԱՄՆ-ի խմբաւորման հրամանատարութիւնը կը խոչընդոտԷ ճամբարէն փախստականներու դուրս գալուն: ՌԴ-ն եւ Սուրիան կ’ընդգծեն, որ «Էր-Ռուկբան»-ի մէջ ծանր մարդասիրական իրադրութիւն Է, մասնաւորապէս, կանայք, երեխաներն ու հաշմանդամները ոչ մէկ աջակցութիւն կը ստանան: Բարձր կը մնայ նաեւ բռնութեան մակարդակը՝ ինչպէս սեռական, – հաղորդեր Է ՏԱՍՍ-ը: