Պրոֆեսոր Զէյնեպ Ահունբայը, Օլուշ Արըքը, Մեթին Ահունբայը, Օզջան Յիւքսէքը եւ իրաւապաշտպան Մուափ Ջոնը Հասանքէյֆի մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցով դիմեր էին Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարան։ Հասանքէյֆի մէջ  Ըլլուսու ջրամաբարի կառուցման պատճառով վտանգուած է 12 հազար տարուայ պատմութիւն ունեցող Հասանքէյֆ մշակութային քաղաքը։ Սակայն օրերս պարզ դարձաւ, որ Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանը մերժեր է այդ դիմումը, զայն համարելով անընդունելի։

Որպէս պատճառ կը նշուի, որ  դիմումը չի համապատասխաներ Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական պայմանադրութեան (ՄԻԵԴ) դրոյթներուն։ Համաշխարհային մշակութային արժէքներու պահպանութեան հարցով, անդամ երկիրներու միջեւ դեռ ընդհանուր պայմանաւորուածութիւն չկայ։