Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն Իրան կատարած պաշտօնական այցի շրջանակէն ներս հիւրընկալուեր է Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ Այաթոլլա Սէյիդ Ալի Խամենէին:
Ինչպէս «Արմենպրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, Այաթոլլա Սեյիդ Ալի Խամենէին ողջուներ է ՀՀ վարչապետի այցը եւ նշեր, որ տեղեկացուեր է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի բանակցութիւններու արդիւնքներուն մասին: Այաթոլլա Ալի Խամենէին իր աջակցութիւնը յայտներ է հայ-իրանական բազմաոլորտ համագործակցութեան զարգացմանն ու այդ ուղղութեամբ նախատեսուող քայլերուն: Ան առանձնակի կարեւորեր է հայ-իրանական տնտեսական փոխգործակցութեան ընդլայնումն ու խթանումը:
Նիկոլ Փաշինեանը շնորհակալութիւն յայտներ է ընդունելութեան համար` ընդգծելով, որ Հայաստանը շահագրգիռ է բարեկամ Իրանի հետ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացմամբ ու ընդլայնմամբ:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցներն անդրադարձեր են տարածաշրջանային տարբեր խնդիրներու: Նիկոլ Փաշինեանը եւ Այաթոլլա Սեյիդ Ալի Խամենէին համակարծիք եղեր են, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ եւ տեւական կարգաւորումը հնարաւոր է բացառապէս խաղաղ ճանապարհով: