Եգիպտոսը պատասխաներ է Թիւրքիոյ քննադատութեան Կահիրէի մէջ ԵՄ եւ ԱՊԼ գագաթնաժողովին հետ կապուած։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեղադրեր է Թիւրքիոյ նախագահ Ռեջեծ Թայիպ Էրդողանին’ «Մուսուլման եղբայրներու» հետ համագործակցութեան մէջ, – կը տեղեկացնէ AFP-ն։
«Էրդողանի յայտարարութիւնները կը վկայեն ատելութեան մասին եւ կը խօսին «Մուսուլման եղբայրներուն» Թիւրքիոյ կողմէ մշտական աջակցութեան մասին»,- ըսեր է Եգիպտոսի ԱԳՆ ներկայացուցիչը։
Ան մեղադրեր է Էրդողանին երկերեսանիութեան մէջ՝ նշելով Թիւրքիայէն ներս մարդու իրաւունքներու խախտումներուն մասին։
Նախօրէին Էրդողանը ԵՄ-ին մեղադրեր է անկեղծ չըլլալուն մէջ՝ ԱՊԼ-ի հետ համատեղ գագաթնաժողովին մասնակցելուն համար, որ տեղի ունեցեր էր անցեալ հանգստեան օրերուն Եգիպտոսի մէջ։