Հոլանդահայ համագործակցող կազմակերպութիւնները Փետրուարի 27-ին Հաագայի մէջ կազմակերպել են «Յանուն Արցախի Հանրապետութեան մէջ խաղաղութեան հաստատման բողոքի երթ» եւ ցոյց՝ Հաագայի Ատրպէյջանի դեսպանութեան դիմաց՝ յիշատակելով 31 տարի առաջ 1988 թուականի Սումգայիթի եւ Ատրպէյջանի այլ քաղաքներէն ներս տեղի ունեցած ջարդերու անմեղ զոհերուն:
Հոլանդահայութեան ցոյցն սկսեր է «Խաղաղութեան պալատին» հարող հրապարակէն։ Քայլերթով եւ վանկարկումներով ցուցարարներն անցեր են Հաագայի փողոցներով, հասեր են Ատրպէյջանի դեսպանութիւն, ուր ելոյթներ ունեցեր են Ատրպէյջանի յարձակողական քաղաքականութեան դէմ:
Հայկական կազմակերպութիւնները կոչ կ’ընեն Նիդերլանդներու քաղաքական գործիչներուն’ այս հարցով Եւրամիութեան եւ Մինսկի խումբի շրջանակներէն ներս աւելի գործուն ըլլալու, հրապարակայնօրէն դատապարտելու Ատրպէյջանի յարձակողական եւ բաց ռասիզմը Հայաստանի դէմ:
«31 տարի առաջ Փետրոիարի 27-էն 29-ը ինկած ժամանակահատոիածին Խորհրդային Ատրպէյջանի Սումգայիթ քաղաքին մէջ Ատրպէյջանական իշխանութիւններուն կողմէ պետական մակարդակով կազմակերպուեցաւ հայ ազգաբնակչութեան ջարդն ու տեղահանութիւնը, ան տարածուեցաւ Բաքու, Կիրովաբադ եւ այլուր: Նպատակն էր կանխել Արցախեան շարժումը, Արցախեան ազատագրական պայքարի տարածումը։ Ատրպէյջանի նպատակը այսօր անփոփոխ մնացած է»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։