Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նոր համաձայնագիր կնքեր է ռուսական «ՌոսՕբորոնԷքսպորտի» եւ ռազմատեքնիկական համագործակցութեան Դաշնային ծառայութեան հետ՝ նոր զինատեսակներու մատակարարման շուրջ:
Azatutyun.am-ի փոխանցմամբ, ասոր մասին կր գրէ «Ինտերֆաքսը», ըստ որուն, փաստաթուղթը ստորագրուեր է պաշտպանութեան փոխնախարար Դաւիթ Փախչանեանի Մոսկուա կատարած երկօրեայ այցին ընթացքին:
«Փախչանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մասնակցեր է «ՌոսՕբորոնէքսպորտի» եւ ռազմատեքնիկական համագործակցութեան Դաշնային ծառայութեան հետ պայմանագիրներու վերջնական համաձայնեցմանն ու ստորագրման՝ որոշ ապրանքատեսակներ ձեռք բերելու շուրջ», – յայտարարեր է Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ առանց յաւելեալ մանրամասներու:
Աւելի վաղ՝ Փետրուարի սկիզբը, Մոսկուա այցելեր էր Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը, հանդիպեր էր ռուս գործընկերոջ, պետական «Ռոստեխ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնի եւ ռուսական ռազմարդիւանբերական ոլորտի այլ պաշտօնեաներու հետ: