Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարով մենք կանխեցինք յաջորդ ցեղասպանութիւնը:
Ասոր մասին Ստեփանակերտի յուշահամալիրին առջեւ յարգանքի տուրք մատուցելէ ետք «Արցախպրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսեր է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Աշօտ Ղուլեանը՝ ընդգծելով, որ Արցախեան շարժումը ցեղասպանութենէն փրկուելու տարբերակ էր:
«1988 թուականին սկսած Արցախեան պայքարը պատահական չէր, ան եղեր է միակ ձեւը’ այս տարածքին ապրող բնիկ հայութիւնը ցեղասպանութենէն փրկելու համար: Մենք միջազգային հանրութեան հետ կը խօսինք միջազգային իրաւունքի լեզուով: Հնարաւոր բոլոր տարբերակներով շահագրգիռ կառոյցներու հետ կը փորձենք քննարկումներ կազմակերպել, որտեղ որ կը փնտռուի Ղարաբաղեան խնդիրի լուծումը հասցնել տրամաբանական աւարտին»,-մասնաւորապէս ըսեր է Ա. Ղուլեանը: