Ահաբեկիչները զանգուածային յարձակումներ կը գործեն Սուրիոյ Համայ քաղաքի հիւսիսին գտնուող քրիստոնէական քաղաքին վրայ: Հայկական ուժերը քանի մը օր առաջ տեղակայուեր են Հալէպի մէջ, Դամասկոսի պահանջով։
Փետրուարի 27-ին ահաբեկիչները խոշոր յարձակման ենթարկեր են Համա քաղաքի հիւսիսին գտնուող Մուհրադա քաղաքը՝ լուրջ վնաս հասցնելով այս քրիստոնէական քաղաքի քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն:
Յարձակումը նախապատրաստուեր է Ազատ Սուրիական բանակին հետ կապուած Ջայշ ալ-Իզզա ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ, որ ամիսներ շարունակ Համայի Սուրիական բանակին հետ ուժեղ բախումներ ունեցեր է։
Սուրիական բանակը լայնածաւալ յարձակում սկսեր է Համա նահանգի հիւսիսին գտնուող Ջայշ ալ-Իզզա ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ վերահսկուող տարածքներուն՝ գնդակոծելով ահաբեկչական խմբաւորման դիրքերը Ալ-Լաթամնայի, Կաֆր Զիտայի, Արաբենի, Հասրայի եւ Զաքաթի վրայ։
Ըստ Մուհրադայ գտնուող ռազմական աղբիւրի՝ Ջայշ ալ-Իզզայի կողմէ քաղաքին վրայ յարձակումը մեծ վնաս հասցուցեր է էլեկտրակայանին, այսօրուայ դրութեամբ հազարաւոր մարդկանց ձգելով առանց էլեկտրահոսանքի:
Մուհրադան Սուրիոյ ամենախոշոր քրիստոնէական քաղաքն է, այնտեղ կ’ապրին տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, որոնց շարքին, երկրի հիւսիսին գտնուող Համայի շրջանէն մեծ թիւով տեղահանուած քաղաքացիներ:
Յիշեցնենք, անցեալ տարուայ Հոկտեմբերին ԱՄՆ-ի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականի այցը Հայաստան, երբ ան արտաքին քաղաքական քայլերուն միջամտութեան ակնարկներ ըրեր էր, ինչը անհանգստացուցեր էր վարչապետ Փաշինեանին։ Հայաստանը արտաքին մերձեցման նշաններ կը ցուցադրթ Սուրիոյ, Իրանի եւ Ռուսաստանի հանդէպ։