Ամերիկեան բանակը Սուրիայէն դուրս բերեր է մօտ 50 տոննա ոսկի: Ասոր մասին Tert.am-ի փոխանցմամբ կը յայտնէ SANA-ն` վկայակոչելով իր աղբիւրները:

Աղբիւրի հաղորդմամբ` ԱՄՆ-ի ռազմական ուժերը համաձայնութեան եկեր են Դէյր էզ-Զօրի նահանգի ահաբեկչական խմբաւորումներուն հետ առ այն, որ զինեալներն անվտանգութեան երաշխիքներուն դիմաց Ամերիկեան կողմին պիըի փոխանցեն իրենց ամբողջ ոսկիի պաշարը:

Զինեալները ոսկիի պաշարները ձեռք բերեր են Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ եւ զանոնք պահեր են Դէյր-Զօրի Բագհուզ բնակավայրի մօտակայքին:

SANA-ն կը յայտնէ, որ զինեալներուն կողմէ Ամերիկեան զինուժին փոխանցուած ոսկիի ընդհանուր չափը կը կազմէ մօտ 40 տոննա: ԱՄՆ-ի ռազմական ուժերը ոսկիի պաշարներ յայտնաբերեր են նաեւ ահաբեկիչներու այլ թաքստոցներուն մէջ, եւ ասոնց հետ միասին անոնց ունեցած ոսկիին չափը կը կազմէ մօտ 50 տոննա:

Կը նշուի, որ Ամերիկացի զինուորականները ոսկին Սուրիայէն դուրս բերեր են ուղղաթիռներով` գիշերային ժամերուն: