Տիգրանակերտի մէջ 800 տարուայ վաղեմութիւն ունեցող կրօնական գիրք յայտնաբերուեր է:

Tert.am-ի փոխանցմամբ, ասոր մասին կը հաղորդէ CNN Turk-ը:

Ոստիկանութեան աշխատակիցները գիրքն առգրաւեր են 4 քաղաքացիներէ, որոնք փորձեր են վաճառել պատմական գտածոն:

Աղբիւրը կը նշէ, որ 22 էջէ բաղկացած գիրքը եբրայերէն է: Կոստանդնուպոլսոյ մէջբ հրատարակուող հայկական պարբերականներէն «ՀայԹերթ»-ը, սակայն, նկատեր է, որ գիրքը ոչ թե եբրայերէն է, այլ ասորերէն:

Հրապարակուած լուսանկարներուն մէջ կ’երեւի, որ կաշիով պատրաստուած գիրքին առկայ են նաեւ մանրանկարչական սրբապատկերներ, որոնք օծուած են յատուկ նիւթերով:

Յայտնի է, որ գիրքը վաճառել փորձած մարդիկ ձերբակալուեր են գանձագողութեան կասկածանքով: