«Համաձայն Hyperallergic գեղարուեստական ամսագիրի Փետրվարի թիւին զետեղուած հաշուետւութեան, Ատրպէյջանի կառավարութիւնը վերջին 30 տարիներուն ընթացքին պարբերաբար կը ջնջէ երկրէն հայկական պատմական ժառանգութիւնը: Զեկոյցի հեղինակներ Սիմոն Մաղաքեանի եւ Սարա Փիքմանի կարծիքով՝ այս պաշտօնական, սակայն եւ քողարկուած, մշակութային ու կրօնական արժէքներուն ոչնչացումը կը գերազանցէ անգամ Պալմիրայի մէջ «Իսլամական պետութեան» «ինքնագովազդին»,- կը գրէ The Guardian-ը:
Պարբերականը կը յիշեցնէ, որ 2005թ.-ի Դեկտեմբեր 15-ին Հիւսիսային Իրանի Հայ առաքելական եկեղեցիի թեմի առաջնորդ Նշան եպիսկոպոս Թոփուզեանը նկարահաներ էր, թէ ինչպէս ատրպէյջանցի զինուորականները կ’ոչնչացնէին այն ամենը, ինչ մնացեր էր Ջուլֆայի մէջ առկայ շուրջ 10000 խաչքարերէն:
Hyperallergic գեղարուեստական ամսագիրի ամբողջական յօդուածը կրնաք կարդալ մեր կայքին, հայերէն եւ անգլերէն։