Ադրպէյջանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը մեկնաբաներ է Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանի յայտարարութիւնն Արցախի ազատագրուած տարածքներու վերաբնակեցման ծրագիրին մասին:

«Արթուր Վանեցեանի յայտարարութիւնը կը վկայէ տարածքներու գրաւմանն անմիջական մասնակցութեան մասին»,- tert.am-ի փոխանցմամբ՝ իր թուիթըրեան էջիմ գրեր է Ատրպէյջանի ԱԳՆ խօսնակ Լէյլա Աբդուլաեւան:   

Վերջինս ընդգծեր է, որ Հայաստանը պատասխանատւութիւն կը կրէ նման «սադրիչ յայտարարութիւններու հնարաւոր բացասական հետեւանքներուն համար»:

«Թրենդ» գործակալութեան փոխանցմամբ՝ ԱԳՆ-էն յայտներ են, որ Ատրպէյջանն այս հարցով դիմելու է ՄԱԿ-ին, ԵԱՀԿ-ին եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու:

Յիշեցնենք, որ Արթուր Վանեցեանն Արցախ կատարած այցի շրջանակներուն մէջ յայտարարեր էր, որ «ոչ մէկ թիզ հող ետ յանձնելու նպատակ չունինք, եւ մեր հողերուն պէտք է բնակին մեր հայրենակիցները եւ շէնացնեն մեր երկիրը»: