ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Մարտի 4-ին կը մեկնի Բրիւսել: Ասոր մասին ան յայտարարեր է Մարտի 1-ին ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ հանդիպման: «Երկուշաբթի օրը կը պատրաստուիմ պաշտօնական այցով մեկնիլ Բրիւսել՝ Եւրոմիութեան մեր գործընկերներուն հետ քննարկելու համար յետագայ մեր ընելիքները»,- նշեր է Փաշինեանը:
ՀՀ վարչապետի պաշտօնին սա Նիկոլ Փաշինեանի երկրորդ այցն է Բրիւսել: Առաջին այցը կայացեր է 2018թ.-ի Յուլիսին: Ան հանդիպեր է Եւրոմիութեան կառոյցներու ղեկավարներուն հետ, ինչպէս նաեւ երկկողմ շփումներ ունեցեր է շարք մը պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներուն հետ: Փաշինեանը Հիւսիսատլանտեան դաշինքի գագաթնաժողովի շրջանակներէն ներս մասնակցեր է Աֆղանստանի մէջ «Վճռական աջակցութիւն» առաքելութեան մասնակցող ՆԱՏՕ-ի անդամ եւ ոչ անդամ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու հանդիպման, ուր հանդէս եկերնէ ելոյթով։