Թէեւ ԱՄՆ-ի նախագահ Դոնալդ Տրամպը կը յայտարարէ, որ Իսլամական պետութեան նկատմամբ յաղթանակի հասեր է, սակայն նոր տեղեկութիւնները կը փաստեն հակառակը։ Հաջինի հատուածին բախումները քրդական եւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն միջեւ կը շարունակուին։ Երեկ երեկոյեան ԱՄՆ-ի գլխաւորած դաշնակից ուժերը հարուածներ հասցուցեր են ահաբեկիչներու դիրքերուն Բաղուզ -Ֆաուկանի քաղաքի մօտակայքին ։Ըստ հետախուզական տուեալներու, ահաբեկիչերը կեդրոնացած են այդ շրջանին եւ պատանդ կը պահեն քանի մը տասնեակ քաղաքացիներ։ Յիշեցնենք, որ Ալասկայի մէջ ԱՄՆ-ի զինուորականերեւն հետ հանդիպման ժամանակ Սպիտակ տան ղեկավարը կրկին յայտարարեց Իսլամական պետութեան նկատմամբ յաղթանակին մասին: Անկարան կը շարունակէ ռազմական սարքեր եւ շինանիւթեր տեղափոխել Իդլիբի նահանգ։ Օրուայ երկրորդ կէսին թրքական զինուած ուժերը արդէն սկսեր են Թալ-Տուկանի եւ Սարմին բնակավայրերու մօտակայքին նոր անցակէտերու կառուցումը։ Աւելի վաղ հաղորդուեր է, որ Թիւրքիան մտադիր է կառուցելու վեց նոր անցակէտեր `ապառազմականացուած գօտիի սահմաններուն մօտ: