Չինաստանը որոշում կայացուցեր է ժամանակաւորապէս փակելու գլխաւոր հիւպատոսութիւնը Իզմիր քաղաքին մէջ՝ Պեկինի եւ Անկարայի յարաբերութիւններու լարուածութեան ֆոնին:
Ասոր մասին կը հաղորդէ ՏԱՍՍ-ը՝ յղելով Թիւրքիոյ մէջ ՉԺՀ-ի դեսպանատան յայտարարութիւնը:
«Իզմիրի մէջ Չինաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան պաշտօնական բացումը տեղի ունեցեր էր 2015 թեւականի Սեպտեմբերին, եւ առ այսօր ան կարեւոր դերակատարում ունէր Չինաստանի եւ Իզմիրի շրջանի համագործակցութեան բարելաւման գործին: 2019 թուականի Փետրուար 28-ին չինական կողմը որոշեր է ժամանակաւորապէս փակել գլխաւոր հիւպատոսութիւնը Իզմիրի մէջ եւ տեղեկացուցեր է ասեր մասին Անկարային: Թրքական կողմը յայտարարեր էր, որ ընդուներ է այդ որոշումն ըմբռնումով: Այժմ հիւպատոսութեան փոխարէն ամբողջ դիւանագիտական եւ հիւպատոսական աշխատանքը կը կատարէ Չինաստանի դեսպանատունն Անկարայի»,-news.am-ի փոխանցմամբ՝ կը նշուի հաղորդագրութեան մեջ:
Փետրուարի սկիզբը Թիւրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան վարչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը կոչ ըրեր էր չինական իշխանութիւններուն ազատ արձակելու «անօրինական կալանաւորները» եւ փակելու «համակեդրոնացման ճամբարներն ու բանտերը»: Աւելի ուշ Պեկինը, թրքական ԱԳՆ-ի ներկայացուցչի յայտարարութեան հետ կապուած, ներկայացուցեր էր Անկարային Սինցզեան-Ույղուրական ինքնավար շրջանի համակեդրոնացման ճամբարներու գործունեութեան մասին՝ ուղղուած ույղուրներուն: