Պակիստանի զինոիորականները յայտներ են, որ ոչնչացուցեր են 2 հնդկական օդանաւ’ երբ անոնք խախտեր են վիճահարոյց օդային տարածքը։ եւ գերի վերցուցեր են երկու օդաչուները, Քաշմիրի շրջանին:

Ասոր մասին կայացած ճեպազրոյցին յայտարարեր է Պակիստանի զինուած ուժերու մամուլի ծառայութեան ղեկավար գեներալ-մայոր Ասիֆ Գաֆուրը:

Գաֆուրն ըսեր է, օդանաւներէն մէկը ինկեր է Հնդկաստանի կողմը, իսկ երկրորդը` Պակիստանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին:

Պակիստանի կառավարութեան պաշտօնական Twitter-ի էջը հրապարակեր է տեսագրութիւն եւ  նշուեր է, որ այնտեղ հնդիկ օդաչուներէն մէկն է:

Twitter Ads info and privacy

Reuters լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, Հնդկաստանի պաշտօնեան կ’ըսէ, որ Նիւ Դելիի օդանաւները նաեւ կանխեր են առնուազն երեք Պակիստանի ռազմական օդանաւներու առաջխաղացումը եւ անոնց ստիպեր է ետ քաշուելու այն բանէն ետք, երբ անցեր են Հնդկաստանի տարածք:

Պակիստանի օդանաւները ներխուժեր են Բիմբեր Գալի-Նուշերա հատուածի վերահսկողութեան գիծը, ինչի մասին յայտարարեր է անանուն պաշտօնեան:

Մէկ այլ դեպքով Հնդկաստանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Քաշմիրի քաղաքի ոստիկանութեան աշխատակիցները յայտարարեր են, որ երկու հնդիկ օդաչուներ եւ քաղաքացիական անձեր մահացեր են Քաշմիրի մէջ հնդկական օթանաւի վթարին հետեւանքով:

Անդրադառնալով հնդկական կառավարութեան պաշտօնեային’ Reuters գործակալութիւնը կը նշէ, որ օդանաւակայանները կը գտնուին Պաթանկոտի, Լեհի, Սրինագարի եւ Ջամմի մէջ։

Ըստ տեղի ոստիկանութեան՝ Սրինագարի գլխաւոր օդանաւակայանը երեք ժամով փակուեր է:

Պակիստանի օդային տարածքը պաշտօնապէս փակուեր է առեւտրային չուերթներու համար,- յայտարարեր է Քաղաքացիական թռիչքներու վարչութիւնը:

Մէկ գիշերուայ ընթացքին երկու կողմերն ալ կրակ բացեր են Քաշմիրի շրջանին: Իսլամաբադը խոստացեր էր  զարմացնել Հնդկաստանին իր պատասխան հարուածներով, այն բանից ետոք երբ Հնդկաստանը հարուած հասցուցեր է Պակիստանի հողին գտմուող ռազմական վերապատրաստման ճամբարին:

Հնդկաստանի պաշտպանական ուժերու խօսնակը յայտարարեր է, որ Պակիստանը սկսեր է գնդակոծել Քաշմիրի Հնդկաստանի կողմէ վերահսկուող շրջանը, որն յայտնի էր որպէս «Վերահսկիչ գիծ»  անունով:

Ան նշեր է, որ գնդակոծութեան հետեւանքով հինգ հնդկական զօրամիաւորումները միայն թեթեւ վնասուածքներ ստացեր են:

«Առայժմ ոչ մէկ զոհ չկայ քաղաքացիներու շարքերուն, բայց մարդկանց մեջ խուճապ տարածուեր է», – կ’ըսէ պատգամաւոր Ռահուլ Եադաւը: «Մենք ունինք տեղահանման ծրագիր, եւ անհրաժեշտութեան պարագային, մենք մարդկանց կը տեղափոխենք անվտանգ տարածքներ»:

Սահմանի միւս կողմին Պակիստանի տեղական իշխանութիւնները յայտներ են, որ զոհուեր է առնուազն չորս մարդ եւ կան եօթ վիրաւորներ: Անոնք չեն պարզաբանած, թէ զոհերը արդեօք քաղաքացիներ են թէ զինուորականնոր: Հնդկաստանի ոստիկանութիւնը նաեւ յայտներ է, որ Չորեքշաբթի օրը սպաննուեր են երկու զինուորականներ:

Աւելի վաղ Հնդկաստանը յայտարարեր էր, որ չի ձգտիր «իրավիճակի յետագայ խորացման», պնդելով, որ միայն օդային հարուածներ հասցուցեր է, Քաշմիրի մօտակայքին գտնուող այսպէս կոչուած ռազմական ճամբարներուն ուղղութեամբ:

Հնդկաստանի ռազմական աղբիւրները յայտներ են, որ գործողութեան ընթացքին զոհուեր են 300 զինեալներ, սակայն Իսլամաբադը այդ ամենը «սուտ» անուաներ է:

Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուշմա Սուարաջը Չորեքշաբթի օրը յայտարարեր է, որ Նիւ Դելիի մէջ կառավարութիւնը իրականացուցեր է օդային կարձակումներ այն պատճառով, որ «Պակիստանը մերժեր է ճանչնալ եւ քայլեր ձեռնարկել իր տարածքին գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ»:

«Այդ յարձակումը նպատակաուղղուած էր Ջաիշ-է-Մոհամէդ ահաբեկչական ենթակառուցուածքին դէմ՝ Հնդկաստանէն ներս մէկ այլ ահաբեկչական գործողութիւն կանխարգիլելու համար», – աւելցուցեր է Սուարաջը:

Պակիստանը, որ կը շարունակէ ժխտել Փետրուարին տեղի ունեցած ռմբակոծիչ յարձակման մասին յայտարարութիւնները, վիճարկեր է Հնդկաստանի յայտարարութիւնը ծանր կորուստներ տալու վերաբերեալ, զայն որակաւորելով` որպէս «անխոհեմ եւ շինծու »:

Պակիստանի զինուած ուժերու խօսնակը՝ գեներալ-մայոր Ասիֆ Գաֆուրը, յայտարարեր է, որ «աւերակներուն մէջ չկայ նոյնիսկ մէկ աղիւս»:

«Եթէ այնտեղ որեւէ ենթակառուցուածք ըլլար, ապա ինչ-որ բեկորներ կը գտնուէին: Անոնք կ’ըսեն, որ հարիւրաւոր մարդիկ սպաննուեր են, իսկ ես կը պատասխանեմ `եթէ նոյնիսկ 10 մարդ ալ ըլլար, այնտեղ որոշ մարմիններ կը գտնուէին», – աւելցուցեր է ան:

Ան օտարերկրեայ դիւանագէտներուն եւ ԶԼՄ-ներուն հրաւիրեր է այցելելու օդային յարձակումներուն վայրը՝ տարածքը ստուգելու համար:

Տարածքիմ գտնուող որոշ վկաներ նոյնպէս դէպքին վերաբերեալ յայտներ են իրենց սեփական վկայութիւնները, նշելով, որ այդ տարածքը լիովին անմարդաբնակ է:

1971 թուականէն ի վեր սա կը համարուի առաջին անգամը , երբ Հնդկաստանի օդուժը անցեր է Պակիստան:

Այս առիթով վարչապետը Ազգային հրամանատարութեան յատուկ նիստ հրաւիրեր եւ յայտարարեր է, որ Պակիստանը գիտէ, թէ ինչպէս պիտի պաշտպանէ հայրենիքը:

Միեւնոյն ժամանակ նախագահ Արիֆ Ալվին ըսեր է, որ Պակիստանը ոչ մէկ ազգի դէմ յարձակելու մտադրութիւն ունի, բայց գիտէ պաշտպանել հայրենիքը երեւէ տեսակի աղետէ:

«Մեդիա եւ կոնֆլիկտ» թեմայով միջազգային համաժողովին ունեցած ելոյթին ժամանակ, նախագահը ըսեր է. «Մենք գիտենք, թէ ինչպէս կը պաշտպանենք ինքներս մեզ»:

Ան Հնդկաստանին մեղադրեր է Իսլամաբադի նկատմամբ «անմիտ մժտեցում» դրսեւորելուն համար, նշելով, որ երբ Հնդկաստանի մէջ որեւէ ահաբեկչութիւն տեղի կ’ունենայ, Նիւ Դելին կր մեղադրէ Պակիստանին:

Միեւնոյն ժամանակ, աշխարհի տարբեր երկրներու մէջ աւելի շատ կառավարութիւններ կը միանան նախազգուշացումներուն` կոչ ընելով ինչպթս Հնդկաստանին, այնպէս ալ Պակիստանին’ խուսափելու իրավիճակը ալ աւելի սրելէ:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Լու Քանգը վերահաստատեր է Պեկինի կոչը, որ երկու կողմերն ալ ձեռնպահ մնան եւ զսպուածութիւն ցուցաբերեն:

Աւելի վաղ ան նշեր է, որ «Հնդկաստանը եւ Պակիստանը Հարաւային Ասիոյ կարեւոր երկիրներ են»:

«Երկու երկիրներուն միջեւ փոխյարաբերութիւններն ու համագործակցութիւնը կը ծառայեն ինչպէս երկու երկիրներու շահերուն, այնպէս ալ Հարաւային Ասիոյ խաղաղութեանն ու կայունութեան», – ըսեր է չինացի պաշտօնեան, կոչ ընելով «զսպուածութիւն ցուցաբերելու, որպէսզի բարելաւուին երկկողմ յարաբերութիւնները»:

Եվրոմիութիւնը նոյնպէս արձագանքեր է իրավիճակին, երկու կողմերուն «առաւելագոյն զսպուածութեան» կոչով:

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ըրեր է «Պակիստանին’ վերջ տալու տարածքին տեղակայուած ահաբեկչական խումբերու գործողութիւններուն»:

Աւստրալիոյ կառավարութիւնը կոչ ըրեր է Պակիստանին «հրատապ գործողութիւններ ձեռնարկելու իր տարածքին ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ», ինչպէս նաեւ երկու կողմերուն’ զսպուածութիւն ցուցաբերելու:

«Պակիստանը պէտք է ամեն ինչ ընէ, որպէսզի իրականացնէ իր սեփական արգելքը « Ջայշ-է-Մոհամէդ»-ին դէմ», – ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Իրանը նոյնպէս կոչ ըրեր է «Հնդկաստանին եւ Պակիստանին զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ աւելի շատ ջանքեր գործադրելու լարուածութեան նվազեցման եւ երկխօսութեան միջոցով առկայ տարաձայնութիւններն ու խնդիրները խաղաղ կարգաւորելու համար»:

ԱՄՆ-ի պետքարտուղար Մայք Պոմպէոն առանձնազրոյց ունեցեր է երկու երկիրներու արտգործնախարարներուն հետ եւ կոչ ըրեր է անոնց, խուսափելու «յետագայ ռազմական գործողութիւններէն»:

Աֆղանստանի մէջ «Թալիբան» խմբաւորումը նույնպէս արձագանքեր է Հնդկաստանի եւ Պակիստանի միջեւ շարունակուող հակամարտութեան, նշելով, որ «նման հակամարտութիւններու շարունակումը կրնայ անդրադառնալ Աֆղանստանի խաղաղ գործունէութեան վրայ»:

«Հնդկաստանը յետագային պէտք չէ որեւէ բռնութիւն գործադրէ Պակիստանիմ, քանի որ այդ կ’անդրադառնայ տարածաշրջանային անվտանգութեան վրայ», – ըսեր է «Թալիբան»-ի մամլոյ քարտուղար Զաբիուլլա Մուջահիդը:

Այս խմբաւորումը Քաթարի մայրաքաղաք Դոհայի մէջ ԱՄՆ-ի ներկայացուցիչներուն հետ բանակցութիւններ կը վարէ, Աֆղանստանի 17-ամեայ հակամարտութեան լուծման համար: