Իրանը պատրաստ է աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենպրես»-ը, վկայակոչելով ifpnews-ը, ասոր մասին ըսեր է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Բահրամ Քասեմին:

«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքականութիւնը կը շարունակէ ըլլալ յստակ ու թափանցիկ, ան չէ փոխուած: Մենք կը կարծենք, որ այս հարցը պէտք է լուծուի միջազգային չափանիշներու եւ երկխօսության հիման վրայ»,- ըսեր է Իրանի ԱԳՆ մամուլի խօսնակը:

Ան յոյս յայտներ է, որ հակամարտութիւնը որքան հնարաւոր է շուտ խաղաղ  հանգուցալուծում կը ստանայ՝ ընդգծելով, որ Իրանը պատրաստակամ է աջակցելու հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման: