Ռուսաստանը ճանչցեր է Իսլամական Պետութեան լիակատար ոչնչացումը: Ասոր մասին յայտարարեր է Ռուսաստանի արտգործնախարար Սերգէյ Լաւրովը քուէյթեան «Կունա» լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին: Ան նաեւ հրապարակուած է արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութեան կայքին:
«Դեռ շատ բան պէտք է կատարուի «քնացած» ահաբեկչական կազմաւորումները չէզոքացնելու համար: Երկրէն ներս դեռ կը պահպանուին ահաբեկչական առանձին օջախներ»,- յայտարարեր է նախարարը:
Լաւրովը նշեր է, որ խօսքը Իդլիբ գաւառի իրավիճակի լարուածութեան նուազեցման մասին է, որուն մեծ մասը կը վերահսկուի «Հայ՛աթ-Թահրիր-աՇ-Շամ» խմբաւորման կողմէ: Իրավիճակի կայունացման գործին մեծ դերակատարում ունի Թիւրքիան, սակայն մինչեւ օրս ապառազմականացուած գօտիի ստեղծման եւ ծանր զինամթերքի եւ ահաբեկիչներու դուրսբերման մասին համապատասխան համաձայնագիրի դրոյթները լիարժէք չեն իրականացուած, նշեր է ան: