Համա նահանգէն ներս ահաբեկիչները յարձակեր են Սուրիական բանակի դիրքերուն վրայ․ կան զոհեր ու վիրաւորներ
SHANTNEWS.am-ի փոխանցմամբ, ասոր մասին կը յայտնէ Syria TV պետական հեռուստաալիքը՝ յղում կատարելով ռազմական աղբիւրէն։
Կը հաղորդուի, որ գրոհայիններն օգտուեր են եղանակային վատ պայմաններէն, սակայն Սուրիական զօրքերը կրցեր են ետ մղել յարձակումը՝ ոչնչացնելով ահաբեկիչներէն մէկ քանիսին եւ անրոնց սարքաւորումները։
Յարձակումը կատարուեր է գիշերը։ Հեռուստաալիքի աղբիւրը նշեր է, որ գրոհայինները գործածեր են տարբեր տեսակ սպառազինութիւն, իսկ կրակային պատրաստութիւնն անցեր են նահանգի հիւսիսային Մասասնա շրջանին։