Հայ մեծանուն շանսոնիէ Շառլ Ազնաւուրի 95-ամեակին առիթով Երեւանի մէջ հանդէս կուգան սիրուած ֆրանսացի երգիչներ Պատրիկ Ֆիորին, Հելէն Սեգարան, Լէա Կաստելը, Սլիմանին եւ այլեր:
«Արմենպրես»–ի հաղորդմամբ` «Քեզի համար, Ազնաւուր» համերգային երեկոն տեղի կ՛ունենայ Մայիսի 26-ին Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրէն ներս: Այն կը վարէ Հայկ Պետրոսեանը:
Ասոր մասին Մարտի 2-ին լրագրողներու հետ հանդիպման յայտնեցին համերգի կազմակերպիչները:
Համերգային ծրագիրը կը նախատեսուի կայացնել նաեւ Մոսկուայի, Փարիզի մէջ:
Շանսոնիէյի՝ «Քեզի համար Հայաստան» անունը կրող նախագիծը կ՛իրականացնէ Ֆրանսայի «Շահբազեան» պրոդիւսերական կեդրոնն ու Армцентр ընկերութիւնը: