Ժողովրդավար մահմեդական ֆրանսացիներու միութիւնը, որ կը մասնակցի Եւրոպական ընտրութիւններուն՝ որպէս կարգախօս ընտրեր է «Եւրոպա մը՝ ժողովուրդներուն ծառայող».
Ձախ կողմը` UDMF շարժման նախագահ եւ հիմնադիր Նագիբ Ազերգուի: Մէջտեղը` քաղաքագէտ եւ Միջին Արեւելքի մասնագէտ Բասսամ Թահհան, իսկ աջ կողմը` Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի նախագահ Արմենակ Աբրահամեան
Նախընտրական առաջին հանդիպումը տեղի ունեցեր է Շաբաթ օրը Վալս-ան-Վելէնի մէջ, ուր ներկայ գտնուեր են Բասսամ Թահհանն ու Նագիբ Ազերգուին՝ Մայիսի 26-ին կայանալիք Եւրոպական ընտրութիւններուններուն ընդ առաջ։
Մինչեւ Մայիսի 4-ը նախատեսուած եօթ քաղաքական հանդիպումներէն առաջինն էր սա։ Միւս հանդիպումները պիտի կայանան Մարսէյլի, Լիլի, Ստրազբուրգի եւ Փարիզի մէջ:
Ազերգուին կը կարծէ, որ մահմեդական ընտրողները «լիովին դաւաճանուեր են», մասնաւորապէս Ֆրանսուա Օլանդի եւ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ. «Մենք հոգներ ենք օգտագործուելէ»: Մենք լսեր ենք գեղեցիկ խօսքեր, սակայն մեզ դեռ կը համարեն ներքին թշնամիներ: Մենք պէտք է քաղաքական արձագանք տանք: