Հալէպի մէջ հայկական ուժերու տեղակայումէն քանի մը շաբաթ անց, ուր վերջիններս մարդասիրական օգնութիւն պիտի ցուցաբերեն, Բաքուի կողմէ զարմանալի յայտարարութիւն եղաւ: Բաքուն կը դատապարտէ Սուրիայէն գաղթած հայերը Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին բնակեցնելու հարցը։ Կարծես թէ Թիւրքիան եւ Միացեալ Նահանգները դժգոհ են այս նախաձեռնութենէն, արդեօ՞ք անոնք կը ցանկան միջազգայնացնել պատերազմը Իդլիպի մէջ
Ատրպէյջանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամեդիարովն յայտարարեր է, որ Սուրիահայերուն Արցախ բնակեցնելը Ժընեւեան համաձայնագիրի խախտում կը համարուի:
Ըստ ISNA լրատուական գործակալութեան տուեալներուն՝ Ատրպէյջանի Հանրապետութեան բռնագրաւուած Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին զանոնք բնակեցնելը Ժընեւեան համաձայնագիրի բացայայտ խախտում է, եւ հետեւաբար անթուլատրելի է», – աւելցուցեր է ան։
Այս առիթով խնդրեցինք Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանէն, որ իր կարծիքը ներկայացնէ Էլմար Մամեդիարովի յայտարարութեան վերաբերեալ։
«Սուրիայէն գաղթած հայերը Արցախ բնակեցնելու հնարաւորութււնը ոչ զարմանալի է եւ ոչ ալ յանցագործութիւն, մենք իրաւունք ունինք մեր հայրենակիցները բնակեցնելու մեր ամբողջ տարածքին, մենք ինքնիշխան ենք Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին», կը նշէ նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը։
Ատրպէյջանի իշխանութիւնները լաւ տեղեկացուած են այդ ինքնիշխանութեան մասին, քանի որ 1920 թ․-ի Յունուարին իրենց պետութիւնը 1920 թ․-ի Յունուար 19-ին դէ ֆակտօ ճանչցեր է զայն՝ մեր պետութեան ճանաչման հետ մէկտեղ: Բացի այդ, Ատրպէյջանը չի կրնար կասկածի տակ դնել 1920 թ․-ին ձեռք բերուած միջազգային ճանաչումը:
Ատրպէյջանական իշխանութիւններու քաղաքական յայտարարութիւնները ոչ մէկ կերպով չեն ազդեր Արեւմտեան Հայաստանի պետութեան հիմքերուն վրայ, որոնք ինչպէս արդէն նշեցի՝ կը ներառնեն նաեւ Արցախը:
Արցախը ոչ միայն անկախ է դէ ֆակտօ, այլեւ Սեւրի պայմանագիրի եւ ատոր 92-րդ յօդուածին առնչութեամբ՝ 1920 թ.-ին Արցախը դէ յուրէ կը համարուի Հայկական Պետութեան մաս, ուստի եւ Արեւմտեան Հայաստանի պետութեան մասը:
Յօդուած 92. Ատրպէյջանի եւ Վրաստանի հետ Հայաստանի սահմանները ըստ պատկանելւոյն կ՛որոշուին շահագրգիռ պետութիւններու ընդհանուր համաձայնութեամբ:
Երբ 89-րդ յօդուածով նախատեսուած որոշումն արդէն ընդունուած կ՛ըլլայ, եւ եթէ անկէ ետք այս կամ այն շահագրգիռ պետութիւնները չեն կրնար ընդհանուր համաձայնութեամբ որոշել իրենց սահմանագիծը՝ վերջինս կ՛որոշեն գլխաւոր Դաշնակից Տէրութիւնները, որոնք ատոր հետ միասին պէտք է հոգ տանին սահմանազատումը տեղւոյն վրայ գծանշելու մասին:
Կողմերուն հանար էական նշանակութիւն ունի միջազգային իրաւունքը յարգելը, հակառակ պարագային, որեւէ պահու հակամարտութիւնը կրնայ վերսկսիլ, որուն հետեւանքները յայտնի չեն թէ ինչպիսին կ՛ըլլան:
Ոչ միայն Արցախի իշխանութիւնները պէտք է ներկայ գտնուին Գլխաւոր Պետութիւններու տարբեր հանդիպումներուն՝ այլեւ Արեւմտեան Հայաստանի իշխանութիւնները, քանի որ ոչինչ կարելի է որոշել առանց Արեւմտեան Հայաստանի, եւ այս փաստը բոլոր կողմերուն ալ յայտնի է։ Կը կրկնեմ, անոնք կը փորձեն միջազգայնացնել պատերազմը, որն արդէն միջազգայնացուած է, թէեւ պատերազմի պաշտօնական յայտարարութիւն չկայ: