Բրիւսել գտնուող ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն այսօր հանդիպեր էր Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Դոնալդ Տուսկի հետ։ Բանակցութիւններէն յետոյ, կողմերը լրատուամիջոցներուն առջեւ հանդէս եկեր են յայտարարութիւններով։

Նիկոլ Փաշինեանը ներկայացուց Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահին հետ քննարկուած հարցերը, որոնց շարքին են Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական փոփոխութիւնները, բարեփոխումներն ու տարածաշրջանային զարգացումները։ Փաշինեանն ընդգծեց ՀՀ-ԵՄ բարձր մակարդակի յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը, եւ ըսաւ, որ Հայաստանը վճռական տրամադրուած է Եւրոմիութեան հետ գործընկերութիւնը շարունակելու հարցին։

Կողմերը քննարկեր են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները, կարեւորուեր է Եւրոմիութեան աջակցութիւնը՝ ընտրութիւններու յաջող կազմակերպման հարցին։ Կարեւորուեր է Եւրոմիութեան շարունակական ու հաւասարակշիռ դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հարցին եւ այն հանգամանքը, որ Եւրոմիութիւնը կը փաստէ, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խուբը այն կառոյցն է, որ պէտք է զբաղուի այս խնդիրով, քանի որ սա կարեւոր ներդրում է տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ։ Փաշինեանը վերջը ընդգծեց, թէ կողմ է, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով լուծուի։