Ռուսաստանի Դաշնութեան Պետդումայի ԱՊՀ հարցերով յանձնաժողովի նախագահի առաջին տեղակալ Կոնստանտին Զատուլինը Մոսկուայի մէջ կայացած հայ-ռուսական «Լազարեան ակումբի» նիստի աւարտին անդրադարձեր է ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման:

Ինչպէս կը փոխանցէ Նորութիւններու դաշնային գործակալութիւնը, Զատուլինի կարծիքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կարելի է կարգաւորել աւելի հեշտ, քան նախկին ԽՍՀՄ-ի տարածքին առկայ որեւէ այլ հակամարտութիւն:

«Մենք ռազմական ծրագիրներ չենք կազմեր, ինչ-որ մէկու յաղթանակին համար կոչեր չենք ըներ, սակայն ոչ ոք կրնայ տարանջատել Հայաստանի ճակատագիրը Լեռնային Ղարաբաղէն: Մենք չենք հեռացներ Լազարեան ակումբի գործունէութենէն Արցախի մեր ընկերները: Այդ անթուլատրելի է: Ես անձամբ կողմ եմ այս հակամարտութեան շուտափոյթ կարգաւորման: Արցախի անկախութիւնն այլեւս հնարաւոր չէ ջնջել, իսկ մնացածը կարելի է քննարկել»,- ըսեր է Զատուլինը: