Լիբանանի «Ալ-Բինա՛ա» պարբերականը յօդուած հրապարակեր է Սուրիոյ մէջ Թիւրքիոյ դերին մասին:
«Սուրիոյ ճգնաժամի սկսելէն անցեր է եօթ տարի։ Երբ ճգնաժամը մեծ թափ ստացաւ՝ Թիւրքիան բացաւ իր սահմանները հարիւրաւոր ահաբեկիչներու առջեւ, թոյլ տալով անոնց անարգել անցնիլ Սուրիոյ սահմանը: Թիւրքիան արագօրէն վերածուեցաւ երկրի մը, որ ներգրաւուեցաւ Սուրիական ճգնաժամին մէջ:
Այն կարեւոր դերը, որ Թիւրքիան կը խաղայ Սուրիոյ զարգացումներուն, դրդեր է ամերիկացիներուն համագործակցելու թիւրքերուն հետ:
Ռուսաստանը կը կարծէ, որ մէկ կողմէ, Աստանայի բանակցութիւնները եւ միւս կողմէ Անկարայի հետ տնտեսական յարաբերութիւնները ճանապարհ կը հարթեն Սեւ ծովով ռուսական գազի արտահանման համար դէպի Եւրոպա: Բացի այդ, Թիւրքիային շահագրգռելու համար Ռուսաստանը կ՛ապավինէր իրենց զբօսաշրջիկական կապերուն: Այնուամենայիւ, Թիւրքիան առանց հիմնաւորման պատճառաբանութիւններ կը բերէ Անկարային ուղղուած Ռուսաստանի կոչը Իդլիբի, Համայի, Լաթակիոյ եւ Հալէպի ապակայունացմումը դադրեցենելու վերաբերեալ։
Միացեալ Նահանգները կ՛օգտագործէ Թիւրքիային Սուրիոյ մէջ նոր ճգնաժամ ստեղծելու համար: Ամերիկացիները կ՛աջակցին քիւրդերուն, որոնք կը գործեն արեւելքի եւ Սուրիոյ հիւսիսին, նոր միջոցներով եւ անոնց կը հորդորեն հակազդել Սուրիոյ բանակին: Բացի այդ, Սէուդական Արաբիան եւ Միացեալ Նահանգները մտադիր են արաբական ինքնութիւն սահմանելու Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերուն (ՍԴՀ)` Սուրիական ընդդիմութեան գործիչ Ահմէդ Ջարբայի խնամակալութեան ներքոյ:
Սուրիոյ կառավարութիւնը վերջապէս պէտք է Իդլիբն ազատագրելու որոշում կայացնէ Հըզբոլլահի, Իրանի եւ Ռուսաստանի օգնութեամբ, որոնք կրնան անոր օգնել վերջնականապէս վերջ դնելու ահաբեկիչներու ներկայութեան այդ տարածքին:
Սուրիոյ լիակատար ազատագրման միակ ճանապարհը կարծես թէ, հիւսիսային Սուրիայէն Թիւրքիոյ դուրսբերումն է: Այսպիսով, Միացեալ Նահանգները այլեւս չի կրնար վերահսկել քիւրդերուն եւ անոնք կը վերադառնան Սուրիոյ կառավարութեան ենթակայութեան»։