Հայաստանի մէջ արդէն երրորդ անգամ ֆրանկոֆոնիայի շարժման շրջանակէն ներս կը կայանայ ֆրանսական շարժապատկերի փառատօն:
Ֆրակոֆոնիայի օրերու շրջանակին մէջ, փառատօնը տեղի կ՛ունենայ Մարտի 11-էն 18-ն «Մոսկուա» կինոթատրոնէն ներս: Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ջոնաթան Լաքոտը Մարտի 6-ին մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտնեց, որ փառատօնին կը ներկայացուին 11 ֆիլմեր Ֆրանսայէն, Զուիցերիայէն, Կանադայէն եւ Բելջիգայէն: Ընդ որում՝ Բելջիգան փառատօնին առաջին անգամ կը մասնակցի, հանդիսատեսը կը տեսնէ «Նորագոյն Աստվածաշունչ» (2015 թուական) ֆանտաստիկ կատակերգութիւնը, որ միջազգային փառատօներուն մեծ թիւով մրցանակներու արժանացեր է: Մուտքն ազատ է: Բոլոր ֆիլմերն ունին ռուսերէն կամ հայերէն մակագրութիւններ:
Ֆրանկոֆոնիայի օրերը կը տեւեն մինչեւ Ապրիլի 12-ն եւ միջոցառումներու լայն ծաւալ կ՛ընդգրկեն:
Ֆրոնկոֆոնիայի օրերը կ՛աւարտուին Ապրիլի 10-12-ին՝ «Տուեալների մասին գիտութիւն, հասարակական գիտութիւն» համաժողովով: