Խոր կսկիծով ստացանք Փարիզի Նոթրը Տամ տաճարի ահաւոր աղետին մասին: Անկախ թէ դիպուածը պատահական է թէ դիտաւորեալ, դէպքը ահռելի եւ մեծ վնաս է ողջ մարդկային մշակոյթին համար:
Հայ ժողովուրդը ծանօթ է նման ցաւերուն եւ կորուստներուն, ուստի կրնանք պատկերացնել ողջ Ֆրանսացներուն եւ մշակոյթի տէր բոլոր ժողովուրդներուն ցաւերը:
Յուսով ենք որ մարդկային վնասներ տեղի չեն ունեցած, ինչպէս նաեւ յուսով ենք, որ այլ վնասները վերականգնելի կ՛ըլլան:
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան անունով մեր խորին ցաւակցութիւններն ու աջակցութիւնը կը փոխանցենք Ֆրանսայի կառավարութեանն ու ժողովուրդին:
Գառնիկ Սարգիսեան
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ
15 Ապրիլ 2019