Արցախի կառավարութեան հետ համագործակցութեամբ, IdeA հիմնադրամի միջոցներով ընթացքի մէջ են Շուշիի Գոհար Աղա (Վերին Ջումա) մզկիթի վերականգնման աշխատանքները:
Ասոր մասին «Արցախպրես»-ին տեղեկացուցին IDeA հիմնադրամի հանրային կապերոի բաժինէն՝ աիելցնելով, որ ծրագիրի նպատակն է պահպանել քաղաքի պատմական եւ ճարտարապետական ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ նպաստել մզկիթի հարակից տարածքներու եւ Շուշի պատմական թաղամասի զարգացման, վերականգնել հարեւանութեամբ գտնուող մեդրեսէի շէնքը:
Աղբյխիւրի հաղորդմամբ՝ ծրագիրի իրականացումը կ’ընդգծէ նաեւ մեր՝ հայերուս, եւ յատկապէս Արցախի հասարակութեան յարգանքը դէպի սեփական պատմութիւնը, հայ-պարսկական դարաւոր բարեկամութիւնը եւ մշակոյթներու փոխազդեցութիւնը: