ԱԺ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Արման Աբովեանը ֆէյսբուքեան իր էջին փաստաթուղթեր  հրապարակեր է՝ որուն կից հետեւեալ գրառումը կատարելով.

«Ես գիտեմ, որ երբ չարն անպատիժ կը մնայ՝ այն կը վերադառնայ աւելի հրեշային կերպով։ Վստահ եմ, որ եթէ աշխարհը ժամանակին դատապարտէր եւ պատժէր Հայոց դէմ կատարուած ցեղասպանութեան մեղաւորները, ապա Հոլոքոստը տեղի չէր ունենար…

Հանրայնացուեր է 1939 թուականի Օգոստոս 22-ին Օբերզալցբերգի մէջ Ադոլֆ Հիտլերի ելոյթը, ուր կ՛ըսուի. «Այսօր ո՞վ կը յիշէ հայերու ոչնչացումը»։ Փաստաթուղթը կը պահպանուի Ուաշինգտոնի Ազգային արխիւին մէջ»: