Այս գրութիւնս կը նուիրեմ անոնց, ովքեր 175 օր դիմադրեր են Քամփ Արմէնի համար, եւ “Ծիծեռնակի բոյնը պիտի չքանդուի” ըսող իմ սիրելի Հրանդ Դինքին եւ իմ սիրելի ընկեր Արայ Ուղուրլուօղլուին։ Այն բանէն ետք, երբ հայերը 1878-ի Յունիս 13-ին Բեռլինի խորհրդաժողովին ներկայացուցին «Հայաստանին վերաբերող նախագիծը» եւ այն ողջունուեցաւ մասնակիցներուն կողմէ, Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն ապրող հայ ժողովուրդին դէմ կողոպուտի եւ կոտորածի գործողութիւնները արագօրէն աճեցան։
Այս ընթացքին հայկական Հնչակեան եւ Դաշնակցական կազմակերպութիւնները դարձան կանոնաւոր բանակ: Միւս կողմէ Ռուսաստանն սկսեցաւ նախապատրաստուիլ «Արեւելեան նահանգները» գրաւելու գործընթացին: Աբդուլհամիդ II-ը, արեւելեան խնդիրի անուան տակ Եւրոպական պետութիւններուն կողմէ պահանջուող բարեփոխումները՝ նախ ինքնավարութիւն, ապա քրիստոնեաներու անկախութիւն՝ յետաձգեց որքան որ հնարաւոր էր, քանի որ կը կարծէր, թէ այդ բարեփոխումները նաեւ կը նշանակեն Օսմանեան կայսրութեան թուլացումն ու մասնատումը: Նախքան կը խօսինք Համիդեան կոտորածներուն ունեցած կարափափախներու դերին մասին, նախ եկէք ծանօթանանք նաեւ թերեքեմէ անուանուող այս ժողովուրդին՝ կարափափախներուն: Թերեքեմէները, որոնց մասին կ’ըսէին, թէ յառաջացեր են օղուզ ցեղէն, առհասարակ կ’ապրէին Վրաստանի հարաւակողմը, Հայաստանի հիւսիս-արեւմուտքին, Դաղստանի հարաւակողմը, Ատրպէյջանի կեդրոնական եւ հիւսիսարեւմտեան հողերուն վրայ։ Ռուսաստանի կողմէ՝ Կովկասի նուաճուելուն զուգընթաց, 1813-1828 թուականներուն ընթացքին, այդ ժողովուրդը ծաւալուն գաղթի շարժում մը կատարեց դէպի Օսմանեան պետութիւն եւ Իրան։ 1828 թուին կարափափախները եկան Կարսի եւ Չըլդըրի շրջան՝ Դաղստանէն եւ Վրաստանէն:
Թերեքեմէները շատ յայտնի չեն այսօրուայ Թիւրքիոյ մէջ։ Անոնք ալ տիպիկ կովկասեան ծագումով ժողովուրդ են՝ ինչպէս չերքէզները, լազերը, վրացիները: Ընդհանուր առմամբ կը բնակին Հիւսիս-արեւելեան Անատոլիոյ մէջ, Հիւսիսային կովկասի Դերբենդ, Վրաստանի Կվեմօ Քարթլի, Ատրպէյջանի Ղազախ, Իրանի Սուլդուզ շրջաններուն եւ կը հանդիսանան Ատրպէյջանական թիւրքերու էթնիկ նախահայրերէն մէկը։
1877-1878թթ.-ներուն Օսմանեան կայսրութեան եւ Ռուսաստանի միջեւ պատերազմի ժամանակ կարափափախներու հեծելազօրը Կարսի մէջ կռուեր է ռուսերու դէմ, Անատոլիոյ զօրքերու հրամանատար Գազի Ահմէտ Մուխթար փաշայի հրամանատրութեան ներքոյ։ Կարափափախներու գլխաւորը եղած է 1844-ին ծնած թրքացեղ-թերեքեմէ Միհրալի բէյը։ Ան օրէնքի դէմ ունեցեր է նախկին պատասխապատւութիւն, սակայն Գազի Ահմէտ Մուխթար փաշային կողմէ անոր պատիժը ներուեր է՝ պատերազմին մասնակցելու պայմանով:
Միհրալի բէյը, ով 200-250 տղամարդկանց հետ 1877-1878 թուականներու ուս-օսմանական պատերազմին մարտնչեր է ռուսերու դէմ, այդ պատերազմէն ետք հաստատուեր է Սեբաստիոյ մէջ: Միհրալի բէյը, որ 1890 թուականին հիմներ է Համիդիէ գունդերու Կարափափախի գունդը, հասեր է մինչեւ Բաղդադ եւ Եմեն: Մահացեր է Եմենի մէջ 1906 թուին։
1877-1878 թուականներու պատերազմէն ետք հիմնուելով Սեբաստիոյ մէջ, ան կառուցեր է Միհրալի բէյ առանձնատունը՝ Սեբաստիոյ հին հայկական վանքին վրայ։ Այն առանձնատուն մըն էր, որ կը գտնուէր Ուլաշէն մինչեւ Շարքըշլա ճամբուն վրայ: (NTV History Journal, 2009 թ. Օգոստոս):
Իսլամ դաւանող ժողովուրդները իւրաքանչիւր կոտորածի ժամանակ պարբերաբար այրեր եւ ոչնչացուցեր են այնպիսի ժողովուրդներու սրբազան կառոյցները, ինչպիսիք են քրիստոնեաները, ալեւիները եւ եզդիները: Այդ երկրին մէջ տեղի ունեցած բոլոր կոտորածները ոչ միայն էթնիկ եւ կրօնական էին՝ այլեւ պատմական եւ մշակութային:
Կարափափախ գունդի ստեղծմամբ, քիւրդ Իսմայիլ Հաքքը փաշան, Աբդուլ Համիդի ստեղծած Համիդեան գունդերուն մէջ գտնուող էջեմ կարափափախներու եւ չերքեզներու ձեռքով կողոպտեց հայերուն տուները, խաղողի այգիներն ու պարտէզները եւ հալածանքներու ենթարկեց հայ կանանց։ Աւելին՝ քիւրդ Իսմայիլ Հաքքը փաշան այնքան հեռուն գնաց, որ յայտարարաեց, թէ իբր այդ գիաւուրներն են պատերազմի պատճառը։ Համաիսլամական այս քաղաքականութեան պատճառով քրիստոնեայ ժողովուրդները, ովքեր այս երկրի ամենահին տէրերն էին, դաժանօրէն վռնդուեցան իրենց մայր հողէն:
1895-ին ինչպէս եւ 1915 թուին տեղի ունեցած կոտորածները, հայ ժողովուրդին օսմանեան ճնշումներէն ազատելու եւ կողոպուտէն փրկելու համար՝ ստիպեցին ընդունիլ իսլամը եւ դառնալ չերքեզ, արաբ, քիւրդ եւ թիւրք։ Այդ բախտին արժանացան նաեւ Պոնտոսի յոյները, ասորիները։ Սա շարիաթի կանոններէն մէկն էր։
«Քիւրդ Իսմայիլ Հաքքը փաշա. ծնած է 1818 թուականին Կարսի մէջ: Ան մասնակցեր է Ղրիմի (1853) եւ ռուս-օսմանական պատերազմներուն (1877-1878): 1868-1875 թուականներուն Տիգրանակերտի նահանգապետն էր, իսկ 1877-1878 թուականներուն ՝ Կարինի: Որպէս Սուլթան Աբդուլհամիդ Ⅱ-ի սիրելի պետական գործիչ` Իսմայիլ Հաքքը փաշայի յուղարկավորութեան ծախսերը 1897-ի Փետրուար 22-ին կատարուեր են սուլթանական գանձարանէն՝ Սուլթանի հրամանով: Ըստ որոշ ռուսական աղբիւրներու, Աբդուլհամիդի օրոք 93-րդ պատերազմին ներգրաւուած էին Կովկասէն գաղթած 12000 զինծառայողներ, որոնք բանակի ոչ կանոնաւոր զինուած խումբերն էին:
1895-96 թիւրուն Համիդիէ կոտորածներու, 1909 թուին Կիլիկիոյ կոտորածի, Արեւմտեան ճակատին Փոքր Ասիոյ աղետին յաջորդած 1915-ի ցեղասպանութեան միջոցով Արեւմտեան Հայաստանի շրջաններուն տեղի ունեցած հայաթափութենէն յետոյ նոյն հողերուն վրայ նոյն ցաւոտ տառապանքը այժմ կը տանին քիւրդերը։
Զէյնեպ Թոզդուման