Արցախեան բնութիւն, Արցախցիներու առօրեայ եւ ոչ մէկ խօսք. ռեժիսոր Վահէ Յանի ֆիլմը ներկայացուեցաւ հանդիսատեսին։ «Արմենպրես»-ի հետ իր զրոյցին ֆիլմի ռեժիսորն ու սենարիստը նշեց, որ խօսքերոի փոխարէն ամեն ինչ կը պատմեն Արցախցիներուն աչքերը։
«Աչքերու խորութեան եւ հայեացքին մեջ աւելի շատ բան կայ, քան 1000 գրուած խօսքերու մէջ։ Արցախցիներուս հայացքն ինծի տուաւ ֆիլմի գաղափարը։ Արցախցիներուս աչքերուն մէջ ես այնքան խօսքեր տեսեր եմ, որ հասկցայ, թէ ֆիլմին որեւէ խօսքի կարիքը չկայ, որեւէ բան պատմելու կարիքը չկայ։ Ուղղակի ֆիլմը պէտք է աշխատի զգայական դաշտի վրայ, որ եւ ըրեր եմ»,- ըսաւ ան։ Հակամարտութեան մէջ գտնուող Արցախի մասին ֆիլմին մէջ գրեթէ կը բացակայինն պատերազմի մասին դրուագները։ Ռեժիսորի խօսքով՝ իր նպատակն Արցախի ամբողջ պատմութիւնը ներկայացնելը եղած է։