2019 թ-ի Հոկտեմբեր 18-ին, Ուրբաթ օրը, ժամը 18:30-ին Դաշնակիցներու փողոց 35, – 38100 Գրենոբլիի մէջ տեղի պիտի ունենայ գիտաժողով-քննարկում՝ «Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւական հարցը եւ Սեւրի պայմանագիրի հարիւրամեակը» թեմայով։

Որպէս հիւրեր՝ իրենց խօսքով հանդէս պիտի գան Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի նախագահ Պրն․ Արմենակ Աբրահամեանն ու  Արեւմտեան Հայաստանի Խորհրդարանի անդամ Տիկին Լիդիա Մարկոսեանը։

Համաժողովին պիտի քննարկուին Թիւրքիոյ, որոշ պետութիւններու եւ միջազգային մարմիններու իրաւական պարտաւորութիւնները հայ ժողովուրդի եւ Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ:

Համաժողովի ընթացքին պիտի քննարկուին նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած նոր մարտահրաւէրները ՝ որպէս ազգային վերակառուցման  մէկ մասը, ինչպէս նաեւ ռազմավարական, իրաւական եւ քաղաքական իրականացումներու մեքանիզմները, հիմնուելով պետական կառուցուածքին վրայ:

Տեղեկութիւններու համար կրնաք գրել  հետեւեալ էլ․ հասցէին: hayrenik69@gmail.com