Օրերս աշխատանքային այցով կը գտնուէի Միւնխէն եւ Ժնեւ քաղաքներուն մէջ, որտեղ հանդիպեցայ Արցախի հիդրոէներգետիկ ոլորտէն ներս աշխոյժ ներդրումներ իրականացնող Եւրոպական յայտնի ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ: Ասոր մասին ֆէյսբուքեան իր էջին գրառում կատարեր է Արցախի «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը:

«Քննարկման հիմնական առանցքը եղաւ այդ ընկերութիւններուն Արցախի գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ ներգրաւուիլը: Ուրախ եմ տեղեկացնելու, որ գերմանական ընկերութեան հետ ձեռք բերուած է վերջնական պայմանաւորուածութիւն՝ Մարտակերտի եւ Մարտունիի շրջաններուն մէջ 150 հեկտար նուռի եւ ընկուզենիի նոր այգիներ տնկելուն շուրջ: Աշխատանքները պիտի սկսին յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին, եւ սա մաս կը կազմէ Արցախի մէջ աւելի քան 10 հազար հեկտար նոր այգիներ հիմնելու մեծ ծրագիրին»,- նշեր է Ա. Յարութիւնեանը: