2019 թուականի Սեպտեմբերին Հայաստանի դպրոցներուն մէջ գործած է 284 «Արմաթ» ինժիներական լաբորատորիա` շուրջ 340 խմբակներով, որոնց մէջ ընդգրկուած էր աւելի քան 7500 աշակերտ: Ասոր մասին կը յայտնէ ԿԳՄՍՆ-ն:
Կառավարութեան որոշմամբ ծրագիրի ընդլայնման նպատակով Յառաջատար տեքնոլոգիաներու ձեռնարկութիւններու միութեան տրամադրուեր է լրացուցիչ 834 միլիոն ՀՀ դրամ, որով մինչեւ տարեվերջ լաբորատորեաներուն թիւը կը կրկնապատկուի: Նորաբաց 284 լաբորատորիաներէն 5-ը կը բացուի Երեւանի մէջ, մնացած 279-ն՝ Լոռիի, Շիրակի եւ Տաւուշի մարզերու դպրոցներուն մէջ: Արդէն տարեվերջին, պետական եւ այլ ներդրումներով ՀՀ դպրոցներուն մէջ կ՛ունենանք մօտ 580 լաբորատորիա, որով Լոռիի, Շիրակի եւ Տավուշի գրեթէ բոլոր դպրոցները ապահովուած կ՛ըլլան նոր լաբորատորիաներով: