Սուրիոյ կառավարական բանակը ետ մղեր է «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման զինեալներուն կողմէ իրականացուած լայնածաւալ յարձակումը երկրի արեւելքի մէջ գտնուող Բա՜դիա Ալ-Շամ շրջանին: Ասոր մասին յայտներ է Al-Masdar News- ը:

Հաղորդուած է, որ բախումը տեղի ունեցեր է Դէյր էզ-Զօրի եւ Հոմս նահանգներու սահմանագլխուն: Լայնածաւալ, բայց կարճատեւ մարտէն ետք  ահաբեկիչները մեծ կորուստներ կրելով նահանջեր են:

Սա Իսլամական Պետութեան երրորդ լուրջ յարձակումն է Սուրիոյ այս հատուածէն ներս կառավարական զօրքերուն դէմ՝ վերջին շաբթուան ընթացքին: