2017 թուականին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր համաժողովն իր հերթական նիստին ժամանակ միաձայն ընդունեց Բանաձեւը (A/RES/71/288), որուն մէջ կարեւորած է մասնագիտական թարգմանութեան դերը ժողովուրդներու միաւորման, խաղաղութեան նպաստելուն, ըմբռնման եւ զարգացման գործով, եւ Սեպտեմբերի 30-ը յայտարարեր է Թարգմանութեան միջազգային օր,- կը գրէ Calend.ru-ն:
Օրացոյցին մէջ նոր միջազգային տօնին նպատակը հաստատումն է, որ մասնագիտական թարգմանութիւնը որպէս արհեստ եւ արուեստ կարեւոր դեր կը կատարէ նպատակներուն հասնելու եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Կանոնադրութիւնը պահպանելու, ազգերու մերձեցման, երկխօսութեան նպաստելու, փոխըմբռնման եւ միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան ամրապնդման հարցով: