“Այս բանաձեւին մէջ կարեւորը փաստաթուղթով ԱՄՆ(H. Res. 296) նշուած ժամանակահատվածն է՝ 1915-1923թթ․։
Սա կը նշանակէ, որ բնիկ հայ ժողովուրդի նկատմամբ ցեղասպանութիւնը շարունակուեր է հայկական պետութեան տարածքին, որ 1920-ին ճանչցուեր է Դաշնակից տէրութիններուն կողմէ եւ ստորագրուեր է Սեւրի դաշնագիրով 1920-ի Օգոստոս 10-ին»: Արմենակ Աբրահամեան, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ:
“Ե՞րբ կ’աւարտուի ցեղասպանութիւնը»: Ակնկալուող պատասխանը՝ երբ որ վերջանան սպաննութիւնները։ Կ’ըսեն, որ նացիստական ցեղասպանութիւնը աւարտուեցաւ զանգուածային բնաջնջման ճամբարներու ազատագրմամբ, Երկրորդ աշխարհամարտի աւարտով կամ երբեմն ալ Նիւրնբերգի դատաւարութիւններով: Ամեն պարագայի, նացիստական ցեղասպանութիւնը պատմական փաստ է, որ համընդհանուր ճանչցուած է, նոյնիսկ իր՝ ոճրագործին կողմէ: Հասկնալի է, որ Կամբոջիայի մէջ վերջերս կատարուած ցեղասպանութիւնն աւարտուեցաւ, հակառակ անոր, որ ոչ մէկ հեղինակ պատասխանատւութիւն չէ կրած անոր համար: Կարելի է ըսել, որ Ռուանդայի ցեղասպանութիւնը աւարտուեցաւ եւ կը շարունակուի յանցագործներու նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրառման գործընթացը: Այնուամենայնիւ, որոշ այլ ցեղասպանութիւններ կամ ցեղասպանական գործողութիւններ դեռ չեն ընդունուած, պատժուած, ճանչցուած կամ ամբողջովին մերժուած: Ըստ ոմանց, Ամերիկայի մէջ կարմիր հնդիկներու ոչնչացումը կը դասուի այս դասին, եւ կան պնդումներ, որ այս գործընթացը կը շարունակուի տարբեր ձեւերով: Հարցը պէտք է աւելի ուշադիր ուսումնասիրուի Հոլոքոստի եւ Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններով։ Ես մտադիր չեմ այդ ընելու այս յայտարարութեան մէջ: Այն, ինչ զիս կը հետաքրքրէ, այդ կ’ըլլայ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը՝ Հայերու դէմ իրագործեւած ցեղասպանութիւնը, որ ըստ ոմանց, Հիտլերի եւ նացիստական կուսակցութեան համար մոդել էր` Եւրոպայէն արմատախիլ ընելու հրեաները, գնչուներն ոի այլ էթնիկ եւ ընկերային խումբերը:
Հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնը չ’ընդունուիր, չի պատժուիր, շատ քիչերուն յայտնի է եւ դեռ կը մերժուի յանցագործներուն կողմէ: Ցեղասպանութիւնը սկսեր է Օսմանեան կայսրութեաւն մէջ 1915-ի գարնան, այն բանէն ետք, երբ թիւրքերը մասնակցեր են Առաջին աշխարհամարտին՝ գերմանական եւ աւստրո-հունգարական կայսրութեան կողմէ ձեւաւորուած դաշինքի պետութիւններու կողքին: Անկթ առաջ՝ 1894-1896 թուականներուն մինչեւ 1909 թուականը, լայն տարածում գտած էին ջարդերը եւ նմանատիպ ծրագիրները՝ կայսրութեան հայ բնակչութեան դէմ: Այդ յաճախակի կը յիշատակուի միջազգային մամուլով:Այդ տարիներուն ընթացքին արեւմտեան կառավարութիւնները կոչ կ’ընէին Օսմանեան կայսրութեան ղեկավար Սուլթան Աբդուլհամիդին՝ վերականգնելու կարգուկանոնն իր երկրի, եւ կը պնդէին կատարելու բարեփոխումներ՝ քրիստոնեայ քաղաքացիներուն, յատկապէս հայերուն պաշտպանելու համար: 1914-ի Մեծ պատերազմէն անմիջապէս առաջ հայկական բնակավայրերու մէջ բարեփոխումներու իրականացման տեսլականն ամենաբարձր մակարդակին վրայ էր: Սակայն, վեց ամիս անց գործողութեան մէջ դրուեցաւ Հայաստանի բնակչութիւնը Հայաստանէն արմատախիլ ընելու ծրագիրը, եւ ծրագիրի առաջին տարուն ալ Օսմանեան կայսրութեան մէջ բնակող աւելի քան 1 միլիոն հայ սպաննուեցաւ այնքան դաժանօրէն, որ հնարաւոր չէր պատկերացնել, կամ ալ ուղարկուեցան մահուան՝ Սուրիոյ անապատներուն մէջ:
Հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան գործընթացը շարունակուեցաւ նոյնիսկ 1918-ի զինադադարէն յետոյ (Moudros); մինչեւ Թիւրքիոյ Հանրապետութեան հաստատումը 1923 թուին Քեմալ Աթաթիւրքի կողմէ, մօտ 1 մլն 500 հազար-2 միլիոն հայեր սպաննուեր էին:
Ցեղասպանութիւնն սկսելէ մօտ մէկ տարի անց, 1916-ին, բրիտանական խորհրդարանը հրապարակեց հսկայական արխիւ, որ կազմուեր է երիտասարդ Առնոլդ Տոյնբիի կողմէ պեղուած եւ հաւաքուած ցուցմունքներուն միջոցով։ Ան կը նկարագրէր հայերու ոչնչացման մանրամասնութիւնները.”Հայերու հանդէպ ունեցած վերաբերմունքը Օսմանեան կայսրութեան մէջ. Արտաքին գործոց պետքարտուղար Ֆոլոդոն Վիկոնտու Գրէյ Բելգլերին յանձնուած փաստաթուղթերը”։ Ըստ այստեղ նշուած գրառումներուն՝ Հայերուն պատմականող հայրենիքը, քաղաքակրթութեան բնօրրանը, որ կը թուագրուի մ.թ.ա. 1-ին դարէն, մաքրուեր է բնիկ բնակչութենէն։
Այսպիսով, արդեօ՞ք աւարտուեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը 1918-ի պատերազմի աւարտով, թէ՞ 1923-ին կայացած Խաղաղութեան համաժողովին ժամանակ (Լոզան): Ոչ, ցաւօք, երկու հիմնական պատճառով այն չէ աւարտուած; Նախ, ոճրագործները հրաժարեր են ճանչնալ Հայերու դէմ իրենց իրագործած ցեղասպանութիւնը, երկրորդ՝ Թիւրքիոյ յաջորդական կառավարութիւններու՝ նախկին հայ քաղաքացիներուն հանդէպ դրսեւորած. «Ա) Խտրական գործելակերպեր, Բ) մշակութային ցեղասպանութիւն, հայկական մշակութային իրերու ոչնչացում, նոյնիսկ դիտաւորեալ ոչնչացում, եւ գ) հայկական գոյութեան մերժումը այն տարածքէն ներս, որն առաջ կը կոչուէր Հայկական բարձրավանդակ՝ որպէս պաշտօնական պետական քաղաքականութիւն: Հակառակ 1919-ի գարնան Կոստանդնուպոլսոյ մէջ տեղի ունեցած պատերազմական յանցագործութիւններու դատավարութիւններուն ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մերժումը եւ աւելին՝ բռնի ժխտումը, Թիւրքիոյ բոլոր կառավարութիւններու հիմնական սկզբունքը եղաւ 1923-ին հանրապետութեան հիմնադրումէն ի վեր: Ի տարբերութիւն Նիւրնբերգեան դատավարութեան, որ կը ղեկավարուէր Անտանտ դաշինքին կողմէ, այս դատարանները ամբողջութեամբ բաղկացած էին Օսմանեան կայսրութեան թիւրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն եւ դատաւորներէն: Օսմանեան կայսրութեան հայ քաղաքացիներու դիտաւորեալ ոչնչացման մէջ մեղադրուողները եւ կասկածեալները, ինչպէս եւ նախորդ կոտորածներու դէպքերուն, ոչ թէ Փադիշահի զօրքերն էին, այլ քաղաքական կուսակցութեան առաջնորդ հանդիսացող` Միութիւն եւ Յառաջընթաց կոմիտէի ղեկավարները՝ նոյն իրենք՝ երիտթիւրքերը: Այս կուսակցութիւնը կը վերահսկուէր թրքական պետութեան՝ դէպի Առաջին աշխարհամարտ երկարող տարիներուն, ճիշտ այնպէս, ինչպէս նացիստական կուսակցութիւնը կը վերահսկէր Գերմանիան՝ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն: Երիտթիւրքերու Եռակողմ իշխանութիւնը բաղկացած էր՝ Թալաթ փաշայէն, ով Ներքին գործոց նախարար էր, այնուհետեւ Սադրազամ (Վարչապետ), Ռազմական նախարար Էնվեր փաշայէն եւ նաւատորմիղի նախարար Ջեմալ փաշայէն, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան գործընթացի իրական ճարտարապետներն հանդիսացող Դոկտոր Նազիմէն եւ Դոկտոր Շաքիրէն:
Այս հինգ անձերն ու միւսները մեղաւոր են ճանչցուած են Թիւրքիոյ քրէական դատարաններուն կողմէ` հայ բնակչութեան ոչնչացումը կազմակերպելու եւ կառավարելու համար: Թէեւ մահուան դատապարտուեցան, այդ որոշումը, ցաւօք չիրագործուեցաւ, քանի որ անոնք արդէն լքեր էին երկիրը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Մեծ Բրիտանիոյ, Իտալիոյ, Վատիկանի, եւ որ աւելի կարեւոր է, Թիւրքիոյ պատերազմական դաշնակիցներ Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ ազգային արխիւներուն մէջ կային հայ բնակչութեան զանգուածային ոչնչացման վերաբերեալ ահռելի քանակութեամբ զեկոյցներ, միսիոներական զեկոյցներ, անձնական հաշիւներ եւ միլիոնաւոր փաստաթուղթեր, որոնք ամեն օր կը գրառուէին որպէս ռազմական տեղեկատւութիւն։
Համաշխարհային մամուլը նոյնպէս ամեն օր կը զեկուցէր այս առիթով: Յաջորդ տարիներուն ՝ 1919-ի ռազմական դատարաններէն անմիջապէս յետոյ, Աթաթիւրքի ղեկավարած թրքական ազգայնական շարժման սկիզբին ալ յաջորդեց հայ բնակչութեան նկատմամբ խտրականութեան քաղաքականութիւնը։ Այս քաղաքականութիւնը կը ներառնէր կոտորուած հայերուն եւ անոնց սերունդներուն պատկանող ունեցուածքներու բացայայտ բռնագրաւումը, անկախ անկէ, թէ ինչի հետ կապուծ էր բնակչութեան հարկադիր տեղահանումը` պատերազմի ռազմական շահի՞ թէ՞ էթնիկ զտումներու։ Թիւրքերը կը հաւատան անոր, ինչը կը ցանկանան։
Տիգրան Քույումջեան