Գերմանիոյ մէջ ապրող ասորիները Գիսէն քաղաքի մերձակայքին` Փոլհայմի մէջ յուշարձան տեղադրեր են ի յիշատակ` 1915թ.-ին Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ ասորիներու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան:
Քաղաքային խորհուրդը միաձայն որոշում կայացուցեր է ցեղասպանութեան յուշարձան կանգնեցնելու:
Գիսէնի քաղաքապէտ Ուդու Շէօֆմանը հանդէս եկեր է ելոյթով:
«Այսօր շատ կարեւոր օր է: Այս յուշարձանը կը տեղադրենք, որպէսզի նման դէպքերը այլեւս չկրկնուին: կը Խոնարհինք այդ ժամանակաշրջանի բոլոր զոհուածներու յիշատակին առջեւ: Բոլորին հաշտութեան կոչ կ՛ընենք»,- ըսեր է քաղաքապետը: