ՆԱՄԱԿ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ. ԲՆԻԿ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՆԵՐՈՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ եւ ԷԹՆՈՑԻԴ
Վահան Սեթեան – 2019 թուականն է, սակայն կը շարունակուի տեղի բնիկներու ցեղասպանութիւնն ու էթնոցիդը: Տնտեսական ոչնչացումէն, ընկերային քաոսէն մինչեւ առողջապահական խափանումներ, այս կոտորածը կը շարունակէ ոչնչացնել բնիկները Միացեալ Նահանգներու եւ Կանադայի: Առողջապահութեան անհամապատասխանութիւնները, աղքատութիւնը, լեզուի, մշակոյթի եւ ժառանգութեան ոչնչացումը կը հիւսեն քաոսի այս ցանցը:
Բնիկները կը թունաւորուին ֆիզիկապէս, հոգեպէս, եւ մտաւոր կերպով` յաւիտեան ջնջուելով յիշողութենէն: Մենք՝ որպէս ժողովուրդ, ականատես կը դառնանք մեր բնիկ եղբայրներու եւ քոյրերու աստիճանական մահապատիժին։ Մենք՝ որպէս ազգ, ականատես ենք կոթողային արժէքի կորուստին՝ նայելով թէ ինչպէս կ՛ոչնչանայ մարդկութիւնը: Ժամանակն է, որ առողջապահական նորարարութիւններն ու տեքնոլոգիական յառաջընթացը հասնին օգնութեան՝ զանոնք փրկելու իրենց առողջապահական համակարգէն: Ամերիկեան ազգային առողջապահութիւնը վերացման համակարգ է: Բիկներուն ոչնչացումէ փրկելն ու այդ կանխելը յաղթանակ է բոլորի համար` մարդկութեան յաղթանակ է:
Այս քաոսին հանդէպ լռութիւնն ու անտարբերութիւնը նոյնն է, ինչ ինքաոչնչացման երթալը: Կրթութիւնը, իրազեկութիւնը, շահերու պաշտպանութեան, համագործակցութեան, ընկերակցութեան եւ օգնութեան ձեռքբերումը՝ հիմնական նախաձեռնութիւններն են, որոնք ներոյժ ունին դադրեցնելու այս շարունակական եւ անողոք ցեղասպանութիւնն ու էթնոցիդը:
Մեր պարտքն է՝ միասին հաւաքուիլ, այդ մարդկանց փրկել ոչնչացումէ, եւ մեր ունեցած պաշարները աւելի քան բաւարար են այս քաոսը դադրեցնելու համար։ Կոլումբոսը չէ յայտնաբերած Ամերիկան: Ան ներխուժեց եւ ոչնչացուց զայն, եւ եթէ մեր շուրջը նայինք՝ բնիկ երկիրը կը շարունակէ քանդուիլ: Եկէ՛ք դադրեցնենք այս շարունակական ցեղասպանութիւնն ու էթնոցիդը՝ յանուն մարդասիրութեան: