Կիլիկիայ գտնուող Օյլում Հէօյուքի պեղումներուն ընթացքին 4,000 տարուայ ձիթապուտղի կորիզ գտեր են: Այժմ կ՛ուսումնասիրուի, թէ արդեօք գտնուած պատմական կորիզը նոյն գե՞նը կը կրէ, ինչ որ այսօր կը կրեն տարածաշրջանին աճեցուող ձիթապտուղները:

 

Պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած 4 հազար տարուայ վաղեմութեան ձիթապտուղի կորիզներուն հետ մէկտեղ գնտուեր են նաեւ բազալտէ աղացքարեր, որոնք ենթադրաբար օգտագործուեր են ձիթաիւղի արտադրութեան մէջ: