Խարբերդի թանգարանային վարչութեան համակարգմամբ հայկական Բիւրակնի Նորիկ հողաբլուրին կատարուած պեղումներուն հետեւանքով յայտնաբերուեր են 4500-ամեայ հնութեամբ կուժեր։

Նորիկ հողաբլուրին կատարուած պեղումներէն յայտնաբերուեր են բազմաթիւ գտածոներ։ Անոնց շարքին կան նաեւ 4500-ամեայ վաղ բրոնզէդարեան կուժեր։

Աւելի վաղ նոյն վայրէն կատարուած պեղումներուն շնորհիւ ուրարտական շրջանին պատկանող 3․600-ամեայ հնամենի բնակավայր յայտնաբերուեր է։ 

Մինչ այժմ  յայտնաբերուած բազմաթիւ գտածոներու շարքին յիշատակման արժանի են յատկապէս ուրարտական դարաշրջանի գերեզմանոցէն գտնուած բրոնզեայ գօտիները։ Վերջիններուն վրայ առկայ են ռազմական տեսարաններ։