Վանի Ուրարտական  թագաւոր Սարդուր Երկրորդի կողմէ մ.թ.ա. 750 թուականին կառուցուած Չաիուշթեփէի ամրոցէն յայտնաբերուած կառոյցներում մէջ պարզ դարձաւ, որ երկրաշարժի դէմ յատուկ միջոցներ ձեռնարկուեր են։

Վանի թագաւորութեան ամենապայծառ ժամանակահատուածին կառուցուած Չաւուշթեփէ ամրոցի եւ անկէ հիւսիս գտնուող դամբարաններու տարածքին կը շարունակուին պեղումներն ու վերականգնման աշխատանքները:

Պեղումները, որոնք կը կատարուին Պրոֆեսոր Դոկտոր Ռաֆէթ Չաւուշօղլուի գլխաւորութեամբ 22 հոգիէ բաղկացած խումբին ուժերով, յատկապէս կեդրոնացուեր են բերդի հիւսիսային մասին վրայ, ուր տեղակայուած են պարիսպները, ջրամբարները, կոյուղիի համակարգը, տաճարները եւ պալատական կառոյցները:

Ամրոցի այն շինութիւններուն, որոնք ծառայեր են որպէս պարենի եւ խմիչքի պահեստ, եւ ուր պահուեր են պիթոսներ (մեծ կարասներ), ի յայտ կը  բերեն դարեր առաջ Վանի Թագաւորութենէն ներս երկրաշարժի դէմ ձեռնարկուած միջոցները: Պարզուեր է, որ բազալտէ քարերէն կառուցուած հատուածներուն կղպանոք-քարեր (սեպաձեւ) օգտագործուեր են երկրաշարժի ժամանակ հնարաւոր սողանքներուն դէմ: Պրոֆեսոր Դոկտոր Չաւուշօղլուն յայտարարեր է, որ արտաքին պատերուն մեծ մասը կառուցուեր են տրավերտինային քարերէ եւ  դեռ կանգուն են այնպէս, ինչպէս առաջին օրը՝ հակառակ 2800 տարուայ վաղեմութեան: Ան աւելցուցեր է նաեւ, որ. «Ուրարտացիներու լաւագոյն առանձնայատկութիւնն այն է, որ անոնք շինութիւնները կառուցեր են յատկապէս ժայռոտ տարածքներուն, եւ անոնք երկրաշարժակայուն են: Ամրոցին մեէջտեղը գտնուող կառոյցի վնասուածքները վերականգնուեր են: Ատոր համար անոնք օգտագործեր են շինարարական նոր միջոց` պատերն ամրացնելու համար: Եւ որպէսզի քաղաքը չտուժէ հնարաւոր երկրաշարժերէն, անոնք կրկնակի պաշտպանիչ շերտ աւելացուցեր են կառոյցին»:

Անոնք օգտագործեր են յատուկ շաղախ։

Յայտարարելով, որ Ուրարտացիները (Հայերը) ամրոցի պատերը կառուցելու ընթացքին քիմիական անալիզներ ըրեր են, Չաւուշօղլուն ըսաւ. «Ուրարտացիները առաջին քաղաքակրթութիւններէն են, որոնք բրինձ ձեռք բերեր են: Անոնք տեղյակ էին մետաղները հալեցնելով խառնուրդ ստանալու աւանդոյթին։ Շաղախի մէջ ալ օգտագործեր են քիմիական նիւթեր։ Եւ ամենակարեւորը՝ արհեստագործութիւնը, կարծես, շատ յառաջադեմ եղած է: Մենք այդ կը տեսնենք  ինչպէս ճարտարապետութեան, այնպէս ալ արուեստի այլ ճիւղերու մէջ»։