Չինական կորոնավիրուսի հետեւանքով մահուան դէպքերուն թիւը հասեր է 213-ի, հաստատուած դէպքերուն թիւը 9692-էն ոչ պակաս է: Ասոր մասին կը յայտնէ CNBC-ն:
Թէեւ Չինաստանի սահմաններէն դուրս մահուան դէպքեր չեն գրանցուած, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կորոնավիրուսի բռնկումը միջազգային նշանակութեան արտակարգ իրավիճակ ճանչցեր է:
ԱՀԿ-ն հիւանդութեան բռնկումն «աննախադէպ» անուաներ է, սակայն խորհուրդ չէ տուած վիրուսի հետ կապուած սահմանափակումներ մտցնել ապրանքներու եւ մարդկանց տեղաշարժին մէջ։
Նշենք, որ կորոնավիրուսի դէպքեր գրանցուեր են Չինաստանի սահմաններէն դուրս 18 երկիրներու մէջ: