«Արցախպրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ժամանակ «Վարդանանք» թերթի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Վովա Արզումանեանն ըսեր է, որ թերթ հիմնադրելու միտքը յղացեր է մէկ տարի առաջ՝ Փետրուարին, իսկ առաջին համարը լոյս տեսեր է Մարտի 3-ին:
Անոր խօսքով՝ սկզբնական շրջանին եղեր են շարք մը դժուարութիւններ, սակայն ան բոլոր խոչընդոտները յաղթահարեր է:
Թերթը հասանելի է, ոչ միայն Ճարտարի բնակչութեան’ այլեւ Արցախի եւ Հայաստանի բոլոր այն քաղաքացիներուն, ովքեր հետաքրքրուած են հոգեւոր ոլորտով: «Վարդանանք» թերթի տպագիր տարբերակները կ’ապահովուին Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ, իսկ էլեկտրոնային տարբերակները` ազգային գրադարանի էլեկտրոնային կայքին մէջ,
Թերթին մէջ լոյս կը տեսնեն կրթութեան ոլորտի փորձագէտներու, հմուտ մանկավարժներու եւ, ընդհանրապէս, տարբեր բնագաւառներու վերաբերող հետաքրքիր նիւթեր։