STEP News լրատուականը կը յայտնէ, որ Սուրիական կառավարական ուժերը աւելցուցեր են զինուորականներուն թիւը Իդլիբի շրջանին, ներառեալ 25-րդ յատուկ նշանակութեան ջոկատի մարտիկներով: Աղբիւրը կը յայտնէ նաեւ, որ Սուրիոյ ռազմաօդային ուժերը մարտական առաքելութիւն իրականացուցեր են նահանգի հարաւին եւ օդային հարուած հասցուցեր են Սարմին քաղաքի մերձակայքին գտնուող թրքական ռազմական շարասիւնին վրայ։ Չհաստատուած լուրերու համաձայն, թիւրք զինծառայողներու շարքին կան վիրաւորներ եւ սպաննուածներ:
Թրքական բանակի մէկ այլ շարասիւն հատեր է երկրի հիւսիս-արեւմուտքին գտնուող Բաբ ալ-Հաուա սահմանը: Համաձայն Al Masdar կայքին, շարասիւնի կազմին մէջ կան ինչպէս զրահապատ մեքենաներ, այնպէս ալ հրասայլեր ‘եւ բուլդոզըրներ՝ ամրութիւններ կառուցելու համար: Սարքաւորումներն ուղարկուեր են Ալ-Զաուիա լեռներու շրջակայք, ուր Անկարայի աջակցած ընդդիմութեան զինեալները կը փորձեն թոյլ չիտալ, որ սուրիական բանակը շարժուի դէպի Ալ-Գաբ հովիտը: