Արեւմտեան Հայաստանի Վանայ լիճի յատակին յայտնաբերուեր են հնագոյն ամրոցի 3000 տարուայ վաղեմութեան մնացորդներ: Կ՛ենթադրուի, որ ամրոցը կը պատկանի Երկաթեայ դարաշրջանի հայկական քաղաքակրթութեան, որն յայտնի է նաեւ որպէս Վանի թագաւորութիւն, Ուրարտու, Արարատ եւ Հայաստան: 

Վանայ լիճը ուսումնասիրող ջրասոյզները յայտնաբերեր են ամրոցի զարմանալիօրէն լաւ պահպանուած պատը, որ ենթադրաբար կառուցուեր է Ուրարտուի քաղաքակրթութեան կողմէ: 

Կ՛ենթադրուի, որ քարէ կառոյցը կառուցուեր է ուրարտացիներուն կողմէ, քանի որ քարերը օգտագործուեր են այս քաղաքակրթութեան շրջանին։

Ամրոցը, ինչպէս նաեւ անոր տարածքին գտնուող շարք մը գիւղեր եւ բնակավայրեր կառուցուեր են այն ժամանակ, երբ ջուրին մակարդակը շատ աւելի ցած եղած է, քան այսօր:

Վանայ լիճը բազմաթիւ գաղտնիքներ կը թաքցնէ։ Հաշուի առնելով այս ամենը, մասնագէտները կ՛աշխատին բացայայտել լիճի գաղտնիքները: Մասնագէտները հրաշք կը համարեն լիճի յատակին ամրոց գտնելը։ 

Վանի թագաւորութիւնը հնագոյն երկիր էր Սեւ ծովի հարաւ-արեւելքի եւ Կասպից ծովի հարաւ-արեւմուտքի լեռնային շրջանին: Այսօր տարածաշրջանը բաժնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան, Արեւմտեան Հայաստանի եւ հիւսիսարեւմտեան Իրանի միջեւ: