Դերսիմի Մունզուրի համալսարանի ուսանողները Մարտի 8-ի Կանանց միջազգային օրուան առթիւ կազմակերպուած միջոցառման ընթացքին՝ հանդէս եկած են յայտարաութեամբ։ Յայտարարութեան մէջ վանկարկեր են «Jin, jiyan, azadi» (կեանք,  ապրիլ, ազատութիւն) կարգախօսը, որուն մասնակցեր են բազմաթիւ ուսանողներ:

Ուսանողներուն անունով յայտարարութիւնն ընելով՝ Սեհէր Ալքընն ըսաւ, որ պետութեան անվտանգութեան քաղաքականութեամբ ստեղծուած «Խաղաղութեան քաղաք Թունջելիի մէջ» կեանքը՝ պարտադրուած է չարաշահման, բռնաբարութեան եւ բռնութեան դէպքերով: Կան հազարաւոր պատմութիւններ ոտնձգութիւններու, բռնաբարութիւններու, բռնութիւններու մասին, որոնք կը յայտնուին ընկերային լրատուամիջոցներուն մէջ կամ մեր կողքին: Անոնցմէ շատերը չեն լուսաբանուիր հեռուստատեսութեամբ: Այնտեղ ուր կեանք կայ՝ կանայք կը պայքարին ու կը շարունակեն պայքարիլ»: